Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Արուեսատգէտներ Յայտնաբերող եւ Իր Հայութեամբ Հպարտ՝ Թորոս Սիրանոսեանի Հետ

Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի արուեստի աշխարհին մէջ հանրածանօթ անուն է Թորոս Սիրանոսեան, որ հակառակ իր օտար շրջանակին մէջ աշխատանքին պարտադրած սովորութեան, ուր նմանօրինակ անձեր փորձութիւնը ունեցած են փոխելու կամ դիւրացնելու իրենց անունը կամ մականունը, Թորոս Սիրանոսեան կառչած մնացած է իր անուան: Երեւոյթ մը, որ  հպարտութիւն  կը պատճառէ իւրաքանչիւր հայու, երբ իր մականունին «եան» մասնիկը օտարալեզու լրատուական միջոցներէ կը լսէ:

Հաճելի էր «Զարթօնք»ի խմբագրատան մէջ հանդիպիլ այս մեծ, սակայն համեստ մարդուն, որ կեանք մը ամբողջ նուիրած է իր ապրած տարածաշրջանին մէջ արուեստ տարածելու գործին ՝ խթան հանդիսանալով մեծանուն արուեստագէտներու յաջողութեան:

Իր հետ ունենալով մտերմիկ զրոյց մը, որուն ներկայ եղաւ նաեւ թերթիս վարչական տնօրէն՝ ընկեր Արտեմ Պիւլպիւլեանը, մեր հիւրէն շատ բաներ իմացանք արուեստի աշխարհին մէջ իր կտրած երկար ճանապարհին մասին:

Թորոս Սիրանոսեան ծնած է Լիբանան։ Երեք տարի յաճախած է Պէյրութի Ecole Hoteliere ուսումնարանը, որմէ ետք ուսումը շարունակած է Զուիցերիոյ մէջ՝ ստանալով խոհարարապետի աստիճան եւ վկայական   Ecole Hoteliere-էն։

Զուիցերիոյ մէջ ուսումը աւարտելէ ետք, վերադարձած է Լիբանան, ուր ստեղծած է իր “EPI CLUB” գիշերային բարձրորակ ակումբը, Պէյրութի Ֆինիսիա փողոցին վրայ։ Նշեալ ակումբը գործած է 1961-1976 թուականներուն եւ՝  փակուած լիբանանեան պատերազմին պատճառով։

«EPI Club»-ի համար Թորոս Սիրանոսեան հրաւիրած է տարբեր երկիրներէ բազմաթիւ երգիչներ, որոնցմէ շատեր, այդ իսկ ակումբին շնորհիւ  հասած են իրենց արուեստի բարձունքին, ինչպէս՝ ԱՏԱՄՕ եւ Հենրիքօ Մասեաս։

1970-ին, Սիրանոսեան բացած է DEIR EL KALAA փառատօնը՝ աշխարհահռչակ ֆրանսացի երգիչ Շառլ Ազնաւուրի հետ։

Իր ջանքերով Լիբանան այցելած են Հայրենի շատ մը մեծատաղանդ երաժիշտներ եւ խումբեր:

1971-ին, Սիրանոսեան՝ համաշխարհային երգիչ Ժիլպէրթ Փիքոյի հետ՝ սկիզբ դրած է JBEIL CASTLE միջազգային փառատօնին, որուն համար յաճախ հրաւիրած է մեծ երգիչներ, ինչպէս՝ Շառլ Ազնաւուր, Խուլիօ Իկլէսիաս, Տալիտա, Ժիլպէրթ Փիքօ, Տէմիս Ռուսոս, Շռլի Պասսի, Սամանթա Ֆոքս, Միռէյ Մաթիօ եւ այլն։ Հրաւիրած է նաեւ նշանաւոր ներկայացումներ եւ միջազգային ճանաչում ունեցող խումբեր։

Լիբանանեան պատերազմի տարիներուն, երբ մշակութային կեանքը կանգ առած էր երկրին մէջ, Սիրանոսեան իր արուեստի ձեռնարկները ներկայացուցած է տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպէս Սուրիոյ, Յորդանանի, Իրաքի, Իրանի, Քուէյթի, Արաբական Էմիրութիւններու եւ Եգիպտոսի։ Նշանաւոր երգիչներու ցուցակին մէջ էին Ֆէյրուզը, Սապահը, Մաժիտա Էլ Ռումին, Ուատիի էլ Սաֆին, Սամիրա Թուֆիքը եւ ուրիշներ։

1987-ին Սիրանոսեան Լիբանանի մէջ ստեղծած է LA MAISON DE L’ARTISTE LIBANAIS (Արուեստագէտներու տունը) գործակալութիւնը, որուն բացումը կատարուած է Լիբանանի այդ ժամանակի նախագահ, Պրն. Ամին Ժըմէյէլի հովանաւորութեամբ։

Սիրանոսեան յանձն առած է ծառայել Լիբանանի արուեստին եւ լիբանանցի արուեստագէտներուն մինչեւ իր կեանքին աւարտը՝ յոյս ունենալով որ իր գործը շարունակողներ պիտի ըլլան դեռ շատ երկար ժամանակ։ Ան նաեւ յոյսով է, որ իր որդին՝ Լէոնարտօ Սիրանոսեան, նոյնպէս պիտի շարունակէ 1961-ին սկսած իր երկար տարիներու աշխատանքը։

Տեղին է նշել, որ Թորոս Սիրանոսեան Երկուշաբթի 12 Դեկտեմբեր, 2016-ին, «Զարթօնք»ի խնդրանքով ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով պատուուեցաւ ձեռամբը ՀՀ Սփիւռքի վսեմափայլ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի:

Պարգեւատրումի մանրամասնութեան շուտով կ’անդրադառնանք:

«Խմբ.»

 

 

 

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին