Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Անփոխարինելին

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Դասը եւ դասատուն, ինչպէս նաեւ՝ ընկալողը, ձեւով մը երրորդութիւն կը կազմեն: Դասեր կան, զորս չեմ սիրած դասատուին պատճառաւ եւ հակառակն ալ պատահած է անշուշտ: Ի՞նչ ընել. կեանքի իրականութենէն կարելի չէ խուսափիլ: Շուրջ 15 նիւթ կը դասաւանդուէր մեզի. գրեթէ ամէնուն հանդէպ ունէի հաւասար սէր. կը գերազանցէին գրականութիւնն ու պատմութիւնը. իսկ ատելու չափ չէի սիրեր հաշուապահութիւնը… «տէպիդ Գրէտիդ» (եւ անոր համար ալ շուկայական մտածողութեամբ՝ ձախողած եմ կեանքի մէջ): Չեմ կրցած մտածել դրամական տեսանկիւնէ. անգլերէնով՝ մանիուայլ: Խառնուածքի հարց է:

Ո՛չ արուեստագէտի զգայնութիւնը, ո՛չ փիլիսոփային միտքի խորութիւնը, ո՛չ ռազմիկի խիզախութիւնը եւ ոչ ալ առեւտրականի ձեռնածութիւնը կարելի է ուսուցանել եթէ բնածին ա՛յդ յատկութիւնները իր հետ բերած չըլլայ ան իր մօր որովայնէն:

Շնորհակալ եմ նախախնամութեան ու ծնողքիս, որոնց շնորհիւ առիթ ունեցած եմ ուսանելու մինչեւ երկրորդական վարժարան, թէեւ աւարտականէն զրկուած: Յիշատակներ կան, որոնք ցկեանս կ’ընկերանան: Միշտ չէ որ երազները կ’իրականանան:

Ամէն անձ ընդհանուր գիծերով իրարու նման է, սակայն երբեմն ոմանք առանձնայատկութիւն կ’ունենան դրական թէ ժխտական ազդեցութեամբ: Դարձեալ բնութեան արգասիք:

Չարենցեան ոգիով եւ պատանութենէս «Սկիւտարի Սոխակ»ով տարուած, ինչպէս նաեւ Մեծարենցեան « Ու բարեւի մը փոխան հազար բարիք ես տայի» խոր մարդկայնականութենէն թեքած էի դէպի գրականութիւնը (որ մեծապէս կը պարտիմ Պրն. Վահէ Վահեանին), ինչ որ «Ազգային հիւանդութիւն» կ’որակեմ, քանի որ կը խորհիմ թէ մենք շա՜տ երազային եղած ենք, մոռնալով մեր ոտքի տակի հողը, եւ երգած երկինքը…

Տարիներու հետ գտայ, թէ պատմութիւնը կերտողը քաղաքական միտքն է, գլուխը ամենայն բարիքի եւ … չարիքի: Բախտաւորութիւն մը իմ պարագայիս՝ պիտի ունենայի պատմութեան ուսուցիչ մը՝ Պրն. Գերսամ Ահարոնեանը: Ուսուցիչ, որու (ինչպէս կ’ըսեն) բերնէն կախուելով ուշի ուշով կը հետեւէի անոր ամէն մէկ բառին: Առիթով մը կը պատմէր ազգի վիճակին մասին, նախայեղափոխական շրջանի, հասաւ տեղ մը, ուր ըսաւ. « հայեր համոզուեցան որ». կեցաւ ու մատը մեզի՝ աշակերտներուս ուղղելով ՝ արդէն ես պատրաստ ըսի. «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն», «հա» եղաւ պատասխանը:

Ապա, արտադպրոցական շրջանիս, բաժանորդագրուած ըլլալով «Զարթօնք» օրաթերթին կը հետեւէի իր յօդուածներուն, որոնք երբեմն շարան կ’ըլլային, անջատելով ընդհանուրէն կը հաւաքէի, որոնցմէ՝ «ԵՐԻՑ ԻԶՐԱՅԷԼ ՇԼՈՄԱ»ն էր:

Լիբանանեան երկինքը պղտորեցաւ: Ինչո՞ւ մենք բաժին պիտի չունենայինք ու 18 գոյն երկինքի պաստառը պղտորեցաւ:

35 տարիներ առաջ իր մահուան գոյժին՝ դասընկերներէս մին՝ ըսաւ.- «Անփոխարինելի մարդ չկայ»: «ԿԱՅ», ըսի, «Ո՞վ պիտի փոխարինէ Գերսամը»:

«Յիշատակը սերում է գործերից… յիշատակը մշուշ է որ բարձրանում է եփուող ջրերից, բայց մնում է ինքը ԱՆՄԵՌ»: (Ե. Չարենց)

«ՄՆՈՒՄ Է ԻՆՔԸ՝ ԱՆՄԵՌ»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին