Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

«Հայ Յեղափոխական Շարժում» Հեղինակ՝ Լուիզ Նալբանդեան

ԱՒԵՏԻՍ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ
Պատմական Գիտութիւններու Դոկտոր
«Զարթօնք»ի երէց աշխատակից

Անկախոթիւնը իր հետ բերաւ ամբողջ փաղանգ մը նոր պատմաբաններու, ինչպէս, օրինակ, Ստեփան Պօղոսեանը, որ թէեւկը սերի Խորհրդային կարգերէն, սակայն, անկախութեան ժամանակաշրջանին է, որ ան ժայթքեց գունագեղ հրավառութեան մը հանգոյն: Սակայն, անկախութիւնը իր հետ բերաւ նաեւ ամբողջ փաղանգ մը չակերտուած «պատմաբաններ»-ու,ինչպէս , օրինակ, Ռուբինա Փիրումեանը, որուն մրոտած «պատմաբանական» էջերը խեղաթիւրումն է հայ ժողովուրդի պատմութեան նորագոյն շրջանին: Մինչ անոնցմէ առաջինները՝ իրենց աշխատասիրութիւններով լուրջ ներդրում մը կը կատարեն հայ պատմագրութեան անդաստանին մէջ, երկրորդները, իրենց «աշխատանքով» կը թունաւորեն պատմութենէն անտեղեակ մարդոց միտքը:

Լուիզ Նալբանդեանի այս աշխատասիրութիւնը՝ «Հայ Յեղափոխական Շարժում»-ը, լուրջ ներդրում մըն է հայ պատմագրութեան բնագաւառին մէջ: Ան, իր այս աշխատասիրութիւնը սկսելով պատմութեան անցեալի դէպքերէն, երբ ծնունդ կ’առնէրհայ յեղափոխական շարժումը, կը հասնի հայ ժողովուրդի պատմութեան վերջին երկու դարերուն ընթացքին տեղի ունեցած յեղափոխական շարժումին՝ տալով պատմութիւնը հայ յեղափոխական երեք կուսակցութիւններուն: Արմենական, Հնչակեան, Դաշնակցական:

Առաջին առթիւ, անդրադառնալով Արմենական Կուսակցութեան, ան կը գրէ. «Արմենական Կուսակցութիւնը տասնիններորդ դարում հայկական առաջին քաղաքական կուսակցութիւնն էր, որը ներգրաւուել էր յեղափոխական գործունէութեան մէջ:» Ինչպէս կը տեսնենք, Լուիզ Նալբանդեան կը հաստատէ այն իրողութիւնը, թէ Արմենականները Կուսակցութիւն էին, ինչպէս որ Խորհրդահայ պատմագիտութիւնն ալ ընդունած էր իր ատենին, հակառակ անոնց, որոնք կը ջանան անդրանիկութեան իրաւունքը խլել Արմենականներէն՝ կառչելով անոր «Կազմակերպութիւն» որակումին: ԱրմենականԿազմակերպութիւնը իր էութեամբ եւիր բնոյթով Կուսակցութիւն էր, ինչպէս որ կը շեշտէ Լուիզ Նալբանդեան՝ «Առաջին Յեղափոխական Կուսակցութիւնն էր»:

Այնուհետեւ, Լուիզ Նալբանդեան կ’անդրադառնայ Արմենական Կուսակցութեան Ծրագրին, որ, իրեն համաձայն, հրատարակուած է Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին, եւ որ հաւանաբար,առաջին անգամն է, որ կը մեկնաբանուի Լուիզ Նալբանդեանի կողմէն, որ անոր յօդուածները կը քննարկէ մէկ առ մէկ: Եւ խօսելով Արմենական Կուսակցութեան գործունէութեան մասին, ան կը գրէ. «Արմենական Կուսակցութիւնն իր դերն է խաղացել յեղափոխութեան ճանապարհով անկախութեան գաղափարի առաջ քաշման հարցում: Այս առաջին քաղաքական Կուսակցութիւնը շարունակել էր Թուրքահայաստանում նախորդած ընդյատակեայ յեղափոխական գործունէութիւնները: Այն նաեւ ապստամբութիւնների եւ գաղտնի ընկերութիւնների աճի արդիւնքն էր հանդիսանում, որոնք առաջացել էին սկզբում Զէյթունում եւ աւելի ուշ՝ Էրզրումի և Վանի նահանգներում: Արմենականները գտնւում էին ժամանակի ազգայնական խանդավառութեան ազդեցութեան ներքոյ եւ աւելի անմիջականօրէն՝ ոգեշնչուած էին մանկավարժ Մկրտիչ Փորթուգալեանով: Այս նոյն դաստիարակը նոյնպէս ոչ ուղղակիօրէն նպաստել էր մէկ այլ քաղաքական կուսակցութեան՝ Հնչակեան Յեղափոխական Կուսակցութեան ստեղծմանը:»

Այնուհետեւ, անցնելով Հնչակեան Յեղափոխական Կուսակցութեան կազմութեան նախադրեալներուն, Լուիզ Նալբանդեան կը գրէ, թէեւ չհասկցանք, թէ ինչո՞ւ Սոցեալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, Լուիզ Նալբանդեան կ’որակէ «Հնչակեան Յեղափոխական Կուսակցութիւն»: «Հնչակեան Յեղափոխական Կուսակցութեան հիմնադրման անմիջական դրդող ուժը հանդիսացաւ «Արմենիա» լրագրի ազդեցութիւնը: Փարիզում եւ Ժընեւում հայազգի ուսանողները, որոնք յետագայում դարձան Հնչակի ղեկավարները, Փորթուգալեանի լրագրի էջերում մի մեծ կազմակերպութեան նախագիծն էին կարդացել, որը պէտք է նպաստէր Հայաստանում յեղափոխական շարժման յաջողութեանը»:

Ապա, անցնելով Հնչակեան Յեղափոխական Կուսակցութեան Ծրագրին, յօդուածներուն, Լուիզ Նալբանդեան մէկ առ մէկ կը քննարկէ զանոնք եւ կը գրէ. «Հնչակեան Յեղափոխական Կուսակցութեան Ծրագիրը ե՛ւ սոցիալիտական ե՛ւազգայնական էր: Առաջին յօդուածը հռչակում էր մարքսիստական դասակարգի պայքարը եւ կանխատեսում էր շահագործուող դասակարգերի յաղթանակը յեղափոխութեան միջոցով»:

Յետոյ, Լուիզ Նալբանդեան կ’անդրադառնայ Հնչակեան Յեղափոխակքան Կուսակցութեան հիմնադիր ուսանողներուն եւկը գրէ. «Զարմանալի  չէ, որ այս ուսանողները գտնւում էին ռուսական նարոտնիկների այնքան ուժեղ ազդեցութեան ներքոյ: Նրանք բոլորն էլ կա՛մ Ռուսաստանում էին, կամ կրթուել էին այնտեղ ու բոլորն էլ քաջ ծանօթ էին ռուսական յեղափոխական գաղափարախօսութեան հետ»:Կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Հնչակ»-ի առաջին խմպագրականն իր ընթերցողներին կոչ էր անում միանալ կուսակցութեանը եւ ծաւալել յեղափոխական գործունէութիւն: Թէեւ կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը սոցիալիստական էր, օգնութիւնը կապիտալիստական եւրոպական տէրութիւններից ընդունելի էր, եթէ այնպիսին լինէր»:

Այնուհետեւ, թուելով յեղափոխական իւրաքանչիւր խմբակի գործունէութիւնը զանազան վայրերու մէջ, կ’անցնի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրման պարագաներուն։ Լուիզ Նալբանդեան կը գրէ. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը գլխաւորապէս Ռուսաստանում գործող հայկական տարբեր խմբերի մէկ քաղաքական կուսակցութեան մէջ միաձուլման արդիւնք էր:» Ապա, պատմաբանը կը խօսի այն մասին, թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան քաղաքականութիւնը արձանագրուած է 1890 թուականին Թիֆլիսի մէջ։ Ձեւակերպուած որոշումները, որոնք տեղ գտած են Կուսակցութեան «Մանիֆեսթ»ին մէջ, եւ ուրեմն, Լուիզ Նալբանդեան անոր դրոյթները մանրամասնօրէն եւ անցնելով Կուսակցութեան «Ծրագիր»-ին, կը քննարկէ անոր յօդուածները մանրամասնութեամբ:

Այնուհետեւ, հայ-թուրք համագործակցութեան հարցը քննարկելով երեք հայ յեղափոխական կուսակցութիւններուն իբրեւքաղաքական հետեւանք, ան կը գրէ. «Թուրքական խմբերի հետ այս համագործակցութիւնն իր գագաթնակէտին հասաւ 1907 թուականին դաշնակներիեւ «Միութիւն եւ Առաջդիմութիւն» կոմիտէի միջ եւ համաձայնագրով, եւ 1912 թուականին հնչակեանների եւ «Ազատութիւն եւ Միասնութիւն» կազմակերպութեան միջեւ գաղտնիհամաձայնագրով: Արմենականների Ծրագիրը՝ օտար տարրերի հետ համագործակցելու հարցում՝ խիստ կերպով տարբերւում էր դաշնակցականների եւ հնչակեանների ծրագրերից: Արմենականները բացայայտօրէն յայտարարեցին, որ իրենց նպատակների առաջխաղացման գործում, իրենք չեն ցանկանում համագործակցել որեւէ ոչ հայկական խմբի հետ: Այսպիսով Արմենականներն ընդհանրապէս չէին յիշատակում որեւէ հնարաւոր աջակցութիւն թուրքական ազատական տարրերի կողմից»:

Այնուհետեւ, Լուիզ Նալբանդեան կ’անդրադառնայ դաշնակցականներուն կողմէ Պանք Օթոմանի գրաւման դէպքին, կու տայ անոնց պայմանները:Ապա, այստեղ,վեր առնենք այն պարագան, թէ Պանք Օթոմանը գրաւող դաշնակցականները, մեծ տէրութիւններու դեսպաններուն միջամտութեամբ, ապահով դուրս եկան Պոլիսէն, մինչ Սուլթան Ապտիւլ Համիտ կոտորածը կը  կազմակերպէր Պոլսահայութեան, բան մը՝ զոր Լուիզ Նալբանդեան կը նկարագրէ հետեւեալ կերպ. «Ցոյցի օրը աւազակների ամբոխներ հայ բնակչութեան արիւնալի ջարդ սկսեցին: Բանակայինները, կրօնականները, ոստիկանութեան սպաները հայերի կոտորածներում առաջնորդում էին թուրք ամբոխներին: Քրիստոնեաները, անկախ մեղքից, առանցնացւում էին եւ մինչեւ մահ մահակներով ծեծի էին ենթարկւում, կանայք եւ երեխաներ անողոքաբար սպանւում էին փողոցներում, եւ սարսափի այս տիրութիւնը մայրաքաղաքում բազում օրեր պահպանուեց, որի արդիւնքը հանդիսացան սարսափելի կոտորածը եւ աւերածութիւնները: Աւելի քան 6000 մարդ զոհուեց այդ ջարդերում»։ Մինչ, հաւաստի այլ աղբիւրներ, զոհերուն թիւը կը գնահատեն 10000:

Իսկ մեծ տէրութիւնններուն դեսպանները, որոնք ականատես էին այդ ջարդերուն, ի՞նչ ըրին: Խօսքը տանք Լուիզ Նալբանդեանին. «Կոստանդնուպոլսի սահմռկեցուցիչ կամայակամութիւններին ականատես էին օտարերկրեայ լիազօր ներկայացուցիչները եւ դիւանագէտները, որոնք բողոքի քայլ կատարեցին: Մի «հաւաքական յայտագիր» եւ մի «բերանացի յայտագիր» ուղարկեցին Բարձրագոյն Դրանը, սակայն օտարերկրեայ տէրութիւնները ոչ մի իրական արդիւնաւէտ գործողութիւն չձեռնարկեցին»։

Եւ իբրեւեզրակացութիւն, կու տամ Լուիզ Նալբանդեանի եզրակացութիւնը. «Կարելի է առանց վարանումի ասել, որ նրանք (հայ Յեղափոխականները) ջանացին վերականգնել իրենց ժողովրդի պատիւը եւ այնպիսի կրքով էին հաւատում, որքան 5-րդ դարում Աւարայրում կռուած իրենց նախնիները. «Մենք մեռնում եմք որպէս մահկանացուներ, որոնք իրենց մահով կարող են տեղափոխուել անմահների շարքը»:

Պէտք է ըսել, որ Լուիզ Նալբանդեան մեծապէս շնորհակալ աշխատանք մը տարած է իր այս աշխատասիրութեամբ, որ իրականութեան մէջ Հայ Յեղափոխական Շարժումին համառօտ մէկ հանրագիտարանն է:

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին