Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

Գերսամ Ահարոնեան – 100

*ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ*

Այս օրերուն, կարգ մը հայահոծ գաղութներու մէջ, ՌԱԿ-ի շրջանակն ու Թէքէեան Մշակ. Միութիւնը ոգեկոչական ձեռնարկներով կը վերյիշեն իրենց երբեմնի ղեկավար դէմքերէն մէկը՝ հրապարակագիր ու հանրային գործիչ Գերսամ Ահարոնեանը, անոր ծննդեան 100 ու մահուան 35 ամեակին առիթով։

Kersam Aharonyan 2

Յիշատակի առաջին ձեռնարկ մը կայացած էր Լոս Անճելըսի մէջ, քանի մը շաբաթ առաջ, Նոյեմբեր 13-ին։ Հիմա կարգը Պէյրութինն է, ուր նմանօրինակ հաւաք մը պիտի կազմակերպուի յառաջիկայ օրերուն, Դեկտեմբեր 11-ին, «Զարթօնք» օրաթերթի նախաձեռնութեամբ։

Առիթներ են ասոնք, որպէսզի չմոռնանք մեր անցեալի երախտաւորները։

Նոր սերունդը հաւանաբար ո՛չ մէկ գաղափար ունի՝ թէ ո՞վ էր Գերսամ Ահարոնեան։ Հիները սակայն կը ճանչնան սփիւռքահայ մամլոյ այս փայլուն ու երկարամեայ ծառան, որ 1948-էն մինչեւ իր մահը՝ 1981, լման 33 տարի, ձեռնհասօրէն խմբագրեց Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթը, անոր էջերուն վրայ փռելով առաջնորդող յօդուածներու, գաղափարաշունչ պատգամներու կամ խմբագրականներու ծաւալուն սիւնակներ, որոնք թէ՛ հայերէն լեզուի յղկուած ու գեղեցիկ նմոյշներ էին (այսօր արդէն անգոյ…), թէ՛ ալ հանրային կարծիք կը ձեւաւորէին մեր ժողովուրդը յուզող ինչ-ինչ հրատապ հարցերու շուրջ։ Գերսամ Ահարոնեանի անունը, այդպէս ալ, գրեթէ կը նոյնանար «Զարթօնք»ի հետ, մէկը միւսէն կախեալ, մէկը միւսով պայմանաւոր։

Ահարոնեան զէյթունցի ծնողներու զաւակ էր, ծնած՝ 1916-ին, Մարաշ։ Իր հայեցի դաստիարակութեան մէջ կարեւոր դեր խաղաց Հալէպը, ուր ստացաւ իր նախակրթութիւնն ու երկրորդական ուսումը (Հայ Աւետ. Բեթէլ վրժ. եւ Ալէփփօ Գոլէճ)։ 1935-ին մեկնեցաւ Կիպրոս, ուր հետեւեցաւ Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան վարժապետանոցի երկամեայ դասընթացքներուն՝ ուսուցիչ ունենալով Վահան Թէքէեանը։ Յետոյ, միեւնոյն կրթօճախին մէջ ալ պաշտօնավարեց հինգ տարի, 1937-42։

Պէյրութ հաստատուելով՝ Գերսամ Ահարոնեան լծուեցաւ հանրային-կուսակցական հեւքոտ աշխատանքներու։ Ստանձնեց «Զարթօնք»ի խմբագրապետութիւնը, երկար տարիներ ուսուցչագործեց ՀԲԸՄի Դարուհի Յակոբեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան զոյգ վարժարաններուն մէջ (կը դասաւանդէր հայոց պատմութիւն), ձեռնհասօրէն դասախօսեց Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկէն ներս, հիմնադիրներէն մին եղաւ Թէքէեան Մշակ. Միութեան (1947-ին)՝ Բարունակ Թովմասեանի, Հրաչեայ Սեդրակեանի, Հայկաշէն Ուզունեանի եւ քանի մը գաղափարակից ընկերներու հետ։

ՌԱԿ-ի ամէնէն հեղինակաւոր ու կարկառուն դէմքերէն մին էր ան։ Կը գործէր թէ՛ զուտ կուսակցական, թէ՛ միութենական, թէ՛ կրթական, թէ՛ մամլոյ մարզերուն մէջ հաւասարապէս։ Կը պատմուի, թէ երբ սկիզբ առաւ Պէյրութի «Թէքէեան կեդրոն»ի շինութեան ծրագիրը, 1969-ին, Ահարոնեան մինչեւ Ամերիկա գնաց դրամահաւաքի, ու Լիբանան վերադարձաւ՝ լեցուն մախաղով ու արդիւնաւէտ իրագործումներով։

Իրեն համար մտասեւեռում մը մնաց միշտ Արեւմտահայաստանի Դատը։ Այս հարցին նուիրեց հրապարակագրական-վերլուծական անհամար յօդուածաշարքեր, խրախուսելով հայ զանգուածները՝ քալելու «Մեծ երազի ճամբուն վրայ»էն…։

Այո՛, «Մեծ երազի ճամբուն վրայ»։ Ասիկա Հայկ. Հարցին խոր ու բազմակողմանի սերտողութեան նուիրուած իր 72 խմբագրականներու մէկ ժողովածուն էր (1964), ուր կը գծէր ան մեր ժողովուրդին փշոտ ու արիւնոտ ուղին։ Այս գիրքը հրատարակուեցաւ երիցս, յետագային ալ թարգմանուեցաւ անգլերէնի ։

Շատեր Գերսամ Ահարոնեանը կոչեցին «Մեծ երազի ճանապարհորդը»։

Իր շատ կարեւոր ու անկորնչելի մէկ գործն ալ այն հաստափոր «Յուշամատեան»ը եղաւ, որ նուիրուած էր Մեծ Եղեռնի 50-ամեակին (1965)։ 1140 էջնոց ու 400 պատկերներով բացառիկ ժողովածու մըն էր այս, եւ որ այնքա՜ն լայն ժողովրդականութիւն վայելեց ամէնուրեք՝ քսան տարուան ընթացքին արժանանալով երեք իրերայաջորդ տպագրութիւններու։ «Զարթօնք» օրաթերթի կարեւոր ու անմոռանալի իրագործումներէն մէկն էր ասիկա, զոր գլուխ հանեց Գերսամ Ահարոնեան, իրեն օգնական ունենալով ողբացեալ արձակագիր Նազարէթ Թօփալեանը։

Kersam Aharonian 3

Գերսամ Ահարոնեան, իբրեւ հմուտ պատմագիր ու աշխարհագրագէտ, աչքի լոյս թափեց այս ծանրածանր «Յուշամատեան»ին վրայ, կրցաւ բազմատասնեակ մտաւորականներու աշխատակցութիւնը ապահովել անոր ու կազմել իր տեսակին մէջ աննախընթաց ժողովածու մը։ Մեծ Եղեռնի իսկակա՛ն հանրագիտարան մը։ Այստեղ ներկայացուած էին 1915-ին Թրքահայաստանի ու Կիլիկիոյ բոլոր գաւառներուն կոտորածները, տարագրութեան եւ աքսորի պատմութիւնները, կարելի մանրամասնութեամբ ու արժէքաւոր վկայութիններով։ Մեր առջեւ կը պարզուէին արիւնոտ ոդիսականները՝ Տարօնի ու Վանի, Կեսարիոյ ու Եօզկաթի, Իզմիրի եւ Բիւթանիոյ, Կարնոյ ու Խարբերդի, Հաճընի ու Զէյթունի, Եդեսիոյ եւ Տրապիզոնի…։ Հատորը ունէր պատմագրական, յուշագրական, փաստագրական ու գրական մեծ արժէք։

Ահարոնեան, այս «Յուշամատեան»ին յառաջաբանին մէջ կը գրէր.

Kersam Aharonyan 1

-Ճիգ մըն է այս՝ վերյիշեցնելո՛ւ աղէտը։ Փորձ մըն է՝ ուրուագծելու պատմութիւնը մեր ժողովուրդի տարագրութեան, չարչարանքներուն ու բնաջնջումին, եւ գերազանց ուժերու դէմ անոր դիւցազնական մարտնչումներուն։  Ճիգ մը նաեւ՝ նոր սերունդին առջեւ պարզելու մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն արիւնոտ էջը, բայց մանաւանդ շեշտելու՝ իր ազգային ժառանգութիւնը կամ իր հողային իրաւունքները պահանջելու բացարձակ անհրաժեշտութիւնը։

Յետոյ կը շարունակէր.

   -Ողբի եւ կոծի մատեան մը չէ այս, եւ մեր նպատակը չէ եղերամայրերու ու պարտուածներու առատ նիւթ հայթայթել։ Թրքական ցեղասպանութեան ամենավայրագ պատկերները պարզելով ու դիտելով հանդերձ, մենք կը ջանանք խածնել մեր շրթները եւ զսպել մեր արցունքները, ու չընկճուիլ երբեք, այլ ընդհակառակը, մենք կը փորձենք ներշնչուիլ մեր գոյամարտի հայրենանուէր հերոսներու սխրագործութիւններէն ու խանդավառուիլ այն մեծ հրաշքով, որ մեր բազմաչարչար ժողովուրդի վերածնունդն է, անոր պետական եւ ազգային օճախին վերականգնումն է։ Ու մենք կը վճռենք, արցունքի հովիտէն անցնելէ ետք, քալել անյողդողդ մեր Մեծ Երազի ճամբուն վրայ, քալել ինքնավստահ՝ դէպի վերջնական յաղթանակ։

Ի՜նչ մեծ հաւատք, ու ի՜նչ անընկճելի գաղափարական համոզում։

Սփիւռքի Ա. սերունդի հանրային ու մամլոյ գործիչներու նուիրեալ փաղանգին ուշագրաւ մէկ դէմքն էր Գերսամ Ահարոնեան։

 (Հալէպ)

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին