Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Վերանորոգուած Հայկական Եկեղեցին Հնարաւոր է Մանկական Գրադարանի Վերածուի

Թուրքիոյ կեդրոնական Նիղդէ նահանգին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին վերանորոգուած է: Ըստ ermenihaber.am-ի՝ այս մասին տեղեկացնող թրքական «Սոնտագիգա» («Sondakika») լրատուական կայքը կը գրէ, որ այժմ աշխատանքներ սկսած են եկեղեցին մանկական գրադարանի վերածելու համար:

Նահանգային խորհուրդը Դեկտեմբերին կայացած ժողովի ժամանակ քննարկած է եկեղեցին մշակոյթի նախարարութեան գրադարաններու եւ  հրատարակչութիւններու հարցերով զբաղող վարչութեան յանձնելու հարցը:

Առաջարկը ուղարկուած է կրթութեան եւ մշակոյթի  յանձնաժողով: Եկեղեցին գրադարանի վերածելու որոշումը պիտի կայանայ տուեալ յանձնաժողովի զեկոյցին համաձայն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին