Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Սերժ Սարգսեան Աշխատանքային Այցով Մեկնած է Արցախ

ՀՀ նախագահ, Զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան, 8 Դեկտեմբեր-ին, աշխատանքային այցով մեկնած է Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւ-արեւելեան զօրամասերէն մէկը:

ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ նախագահը ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի եւ ՀՀ զինուած ուժերու բարձրաստիճան հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ՝ զօրամասի մշտական տեղակայման վայրին մէջ ծանօթացած է զօրամասի մարտական պատրաստականութեան, մտիկ ըրած է հրամանատարութեան զեկոյցը ինչպէս նաեւ  շփում ունեցած է զինուորներուն հետ: Այնուհետեւ,  շրջայց կատարած է շահագործման յանձնուած նորակառոյց զինաւանին մէջ, ծանօթացած՝ ստեղծուած պայմաններուն եւ զինուորական ճաշարանին մէջ ճաշած է անոնց հետ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան խրախուսած է ծառայութեան ընթացքին աչքի ինկած շարք մը զինծառայողներ:

ՀՀ  նախագահը այնուհետեւ աշխատանքային այցով մեկնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին