Երեքշաբթի, 16. 09. 2025

spot_img

Հունգարիոյ Հայկական Մշակութային Կեդրոնը Միացաւ «Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Ղարաբաղի Համար» Համահայկական Շարժումին

Դեկտեմբեր 2-ին Պուտապեշտի հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ինչ կընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժման նուիրուած երեկոյ:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն կազմակերպիչները, թէ Հունգարիոյ հայ ազգային ինքնավարութեան փոխնախագահ Ալեքս Աւանէսեան երեկոյի ընթացքին շեշտեց, որ Հունգարիոյ հայ ազգային ինքնավարութեան գլխաւոր նպատակն է նախ հունգար հասարակութեան ներկայացնել ԼՂՀ քաղաքական իրադարձութիւնները, այնուհետեւ աշխատանքներ տանիլ պատմութիւնը ճիշդ տարածելու ուղղութեամբ: «Հունգար հասարակութիւնը պէտք է նախ իմանայ ԼՂՀ  պատմութիւնը, ներկայ իրավիճակը: Մշակութային կեդրոնին մէջ մենք  յաճախակի տարբեր ձեռնարկներ պիտի կազմակերպենք  եւ պիտի ներկայացնենք  Արցախին վերաբերեալ բոլոր խնդիրները»,-նշած է Ալեքս Աւանէսեան:

Երեկոյի աւարտին Հունգարիոյ հայկական ռատիօժամի կազմը, Հունգարիոյ մէջ յայտնի արուեստագէտ Երմոնէ Զապէլ Մարթայեան ու բարեխօս հունգարացիներ միանալով շարժման` լուսանկարուեցան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» շարժման կոչի պաստառով:

Շարժման նպատակն է բոլոր հնարաւոր միջոցներով աջակցիլ Արցախի եւ անոր ժողովուրդի տնտեսական,  ընկերային բարելաւման գործին եւ բարեկեցութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին