ԱՄՆ Պետական բաժանմունքի 2017-ի տարուան պիւտճէէն պարզ կը դառնայ, որ ԱՊՀ երկիրներու շարքին ուշադրութեան առարկան կը դառնան Հայաստանը, Խրխզիստանը, Տաճիկիստանը ու Մոլտովան, կը յայտնէ panarmenian.net-ը՝ յղում ընելով Life-ը։
Վերջին 2 տարուան մէջ այդ երկիրներուն ԱՄՆ դիւանագիտութեան աշխատանքի համար յատկացուող պիւտճէն աւելցած է աւելի քան 1/3-ով: Այդ ծրագիրով Հայաստանին պիտի յատկացուի 26,4 միլիոն տոլար:
Տաճիկստանին պիտի յատկացուի 41,6 միլիոն տոլար, Խրխզիստանին` 51,8 միլիոն, Մոլտովային` 59,1 միլիոն: Աւելի մեծ պիւտճէ նախատեսուած միայն Ուքրանիոյ (294,9 միլիոն տոլար) եւ Վրաստանի (90,3 միլիոն տոլար) համար:
Ազրպէյճանին յատկացուած է մօտ $13 միլիոն:
Հայաստանին յատկացուող գումարը հիմնականօրէն նպատակ ունի ուժանիւթի ոլորտին մէջ մեղմելու Հայաստանի Ռուսիայէն կախուած ըլլալը: ԱՄՆ-ն կը խոստանայ աջակցիլ այլընտրանքային ուժանիթի զարգացման գծով: Պետական բաժանմունքի պիւտճէի գրութեան մէջ կ’ըսուի, որ «անվտանգութեան նկատառումներով» մտահոգիչ է 1977-ին կառուցուած ՀԱԵԿ-ը, քանի որ կայանը կը գտնուի երկրաշարժական աշխոյժ գօտիի վրայ: Այնուամենայնիւ, Պետական բաժանմունքը $2,5 միլիոն յատկացուցած է կայանի աշխատանքի ապահովման եւ անվտանգութեան համար:
Նպատակ դրուած է նաեւ օգնել Հայաստանին՝ ազատուելու համար ռուսական կազէն ունեցած կախուածութենէն:
Հիմնական խնդիրներու շարքին նշուած է նաեւ Հայաստանի աղքատ գիւղական շրջաններէ դէպի Ռուսիա բնակչութեան արտագաղթը, որուն հետեւանքով կախուածութիւն կ’առաջանայ Ռուսիայէն դրամական փոխանցումներու առումով: Ուստի ԱՄՆ-ն գիւղատնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան զարգացման ծրագիրներ կ’առաջարկէ:
Գիւղատնտեսութեան համար կարեւոր Արարատեան դաշտավայրին մէջ ստորգետնեայ ջուրերու պահպանման ծրագիրէն բացի (USAID-ի ծրագիրը մեկնարկած է 2016-ի սկիզբը) կը նախատեսուի օգնել հայերուն գործարար կապեր հաստատելու թուրքերու եւ ազրպէյճանցիներու հետ: Ինչ կը վերաբերի ԼՂ հակամարտութեան, ապա ԱՄՆ-ն դիւանագիտական ջանքեր պիտի գործադրէ կարգաւորման համար. կը նշուի, որ այդպիսի «հաշտեցումը պիտի թուլացնէ ՀՀ վրայ Ռուսիոյ ազդեցութեան լծակները»: Հաշտեցնող ՈԿԿ-ներուն, որոնք համատեղ միջոցառումներ պիտի կազմակերպեն, տարբեր դրամաշնորհներ պիտի տրուին:
Ռազմական ոլորտի մէջ կը նախատեսուի բարելաւել հայկական բանակի մարտական ու բժշկական ստորաբաժանումները, որպէսզի անոնք կարենան մասնակցիլ ՆԱԹՕ-ի խաղաղապահ գործողութիւններուն, «առաջ տանիլ արեւմտեան արժէքներն ու երկարաժամկէտ ռազմական գործակցութիւն հաստատել` արդիւնքով նուազեցնելով կախուածութիւնը Ռուսիայէն»: Կը բերուին նաեւ վիճակագրական տուեալներ, որոնց համաձայն ռազմական պատրաստութեան ամերիկեան դասընթացներու մասնակցած զինուորականներուն 90 տոկոսը պատասխանատու պաշտօններ կը զբաղեցնեն: