*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Տասնըերկու քաջ կիներ, վիրաւոր հարսի պատռուած ճերմակ լաթեր հագած երէկ ցոյց մը կատարեցին Պէյրութի Ռիատ Սոլհ հրապարակին մօտ , կանխելով այսօրուան խորհրդարանի վարչական տնօրինման եւ արդարութեան յանձնախումբի ժողովը, ուր պիտի քննարկուի բռնաբարութեան պատժամիջոցի լիբանանեան օրէնքի վերատեսութիւնը:
Ցուցարարները այս արարքով կ’ուզէին իրենց մերժումը արտայայտել լիբանանեան պատժական օրէնքի թիւ 522 յօդուածին, ըստ որուն բռնաբարող ոճրագործին յանցանքը կը մեղմանայ, երբ վերջինս կ’ամուսնանայ զոհին հետ…:
Պատկերացո՛ւր, սիրելի՛ ընթերցող, որ կ’ապրինք այնքան հակասութիւններով լեցուն երկրի մը մէջ, ուր փողկապով եւ համալսարանաւարտ երեսփոխան մը կրնայ դէմ քուէարկել վերոյիշեալ թիւ 522 յօդուածի ջնջումին…:
Պատկերացո՛ւր, որ նման նիւթ մը տակաւին օրակարգ է այսօր…:
Պատկերացո՛ւր, սիրելի՛ ընթերցող, որ լիբանանեան առկայ օրէնքը, որ ձեւով մը կը ստիպէ ոճրագործը ամուսնանալու իր զոհին հետ, դրուած է այն տրամաբանութեամբ, որ կը պատժէ ոճրագործը, մինչդեռ բուն պատժուողը՝ զոհն է…:
Պատկերացո՛ւր, սիրելի՛ ընթերցող, որ բռնաբարուած ապագայ մայր մը իր զաւակին օր մը կրնայ պատմել, որ իր հայրը զինք բռնաբարողն է… Ինչ առո՛ղջ դաստիարակութիւն…
Հետաքրքրական է իմանալ, որ բռնաբարութիւնը պատժող լիբանանեան այս օրէնքը հաստատողը ի՞նչ նախատեսած է այն պարագային, երբ ոճրագործն ու զոհը նոյն սեռին կը պատկանին…: Անոնց ալ կ’ամուսնացնէ՞…: Եթէ այո. ի՞նչ օրէնքով: Անգոյ քաղաքացիակա՞ն օրէնքով, թէ եկեղեցական…:
Հետաքրքրական է, չէ՞…:






