Երեւանի Թէքէեան կեդրոնէն ներս բացուած է ՀՀ եւ ԼՂՀ անկախութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձին նուիրուած «Ազատութիւնը այլընտրանք չունի. Անկախութիւն» խորագիրով գեղանկարչական ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած են Արցախի անկախութեան սերունդի եօթ նկարիչի` Սամուէլ Թաւադեանի, Գայիանէ Շուշեցիի, Արմինէ Աւագիմեանի, Զարինէ Բաբայեանի, Դաւիթ Աւագիմեանի, Մերի Մուսայելեանի, Միքայէլ Դանիէլեանի եւ երկու քանդակագործի` Դաւիթ Սարգսեանի, Հայկ Յակոբեանի, վաթսուն աշխատանքներ:
Ձեռնարկը, որ իրականացուած է «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամին հովանաւորութեամբ եւ ՀՀ մշակոյթի ու ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւններու, «Շուշի քաղաքի թանգարաններ» ՊՈԱԿ-ի աջակցութեամբ, բարեգործական է. ցուցանմուշներու վաճառքէն գոյացած ամբողջ հասոյթը պիտի յատկացուի երիտասարդ ստեղծագործողներուն եւ Շուշիի կերպարուեստի թանգարանին:
Ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղած են՝ ՀՀ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր-Վարդանեանը, Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Դաւիթ Օհանեանը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի թանգարաններու եւ արխիւներու տնօրէն Տէր Ասողիկ քահանայ Կարապետեանը, ցուցահնդէսի մասնակիցներէն, արուեստագէտներ եւ արուեստասէրներ:
Արցախցի երիտասարդներուն Լոնտոնէն ստեղծագործական նորանոր յաջողութիւններ մաղթած է «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Վարդան Ուզունեան եւ յոյս յայտնած, որ իրենց համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ շարունակական՝ կեանքի կոչելով մշակութային արժէք ունեցող այլ ձեռնարկներ:
Փոխնախարար Ներսէս Տէր-Վարդանեան՝ ողջունելով նմանօրինակ ձեռնարկի մը կազմակերպումը, մասնաւորապէս նշած է. «Արցախի արուեստագէտներու ներկայացումը մեր իրականութեան մէջ բաց տեղ ունի. շատ պարագաներու հայաստանեան մշակոյթը կը ներկայացուի Արցախի մէջ, մինչդեռ հակառակը տեսնելու կարիքը ունինք: Այս ձեռնարկը այդ իմաստով շատ կարեւոր է, եւ բացի այդ, ընտրուած խորագիրը յստակ կ՝ընդգծէ ստեղծագործողներուն տեսակը` իբրեւ անկախութեան սերունդի, եւ կը բնորոշէ «Ազատութիւն» գաղափարը երկու իմաստով` նախ ժողովուրդի ու երկրի, երկրորդ` ստեղծագործական մտքի, քանզի արուեստի մէջ ազատութիւնը անփոխարինելի է»:
Փոխքաղաքապետ Դաւիթ Օհանեան՝ շնորհաւորելով հեղինակներն ու ձեռնարկի կազմակերպիչները, կարեւոր համարած է համագործակցութիւնը Արցախի հետ եւ նշած, որ քաղաքապետարանը, իր հերթին, շարք մը ծրագիրներ կ՝իրականացնէ ԼՂՀ տարբեր վարչական շրջաններու հետ` սերտացնելու մշակութային կապերը եւ ժամանակակից արուեստագէտներու համար համագործակցութեան հնարաւորութիւններ ստեղծելու նպատակով:
«Շուշի քաղաքի թանգարաններ» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն արուեստաբան Լուսինէ Գասպարեան նշած է, որ ցուցահանդէսը իւրօրինակ խորհուրդ ունի, քանզի մասնակիցները այն արուեստագէտներն են, որոնց անհոգ մանկութիւնն ու խաղը խափանուած են ռմբակոծութեամբ, որոնք պատերազմ ապրած են եւ հիմա իւրովի կը նային կեանքին: Սակայն չեն ընկճուած, հակառակը` կեանքը աւելի պայծառ գոյներով կը տեսնեն. անոնց ստեղծագործութիւնները լեցուած են լոյսով, յոյսով ու հաւատով:
«Ազատութիւնը այլընտրանք չունի. Անկախութիւն» ցուցահանդէսը Թէքէեան Կեդրոնին մէջ բաց պիտի մնայ մինչեւ Դեկտեմբեր 30: