Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Աշիրէթային Օրէնքներով «Արդիական» Երկիր

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Տասնըերկու քաջ կիներ, վիրաւոր հարսի պատռուած ճերմակ լաթեր հագած երէկ ցոյց մը կատարեցին Պէյրութի Ռիատ Սոլհ հրապարակին մօտ , կանխելով այսօրուան խորհրդարանի վարչական տնօրինման եւ արդարութեան յանձնախումբի  ժողովը, ուր պիտի քննարկուի բռնաբարութեան պատժամիջոցի լիբանանեան օրէնքի վերատեսութիւնը:

Ցուցարարները այս արարքով կ’ուզէին իրենց մերժումը արտայայտել լիբանանեան պատժական օրէնքի թիւ 522 յօդուածին, ըստ որուն բռնաբարող ոճրագործին յանցանքը կը մեղմանայ, երբ վերջինս կ’ամուսնանայ զոհին հետ…:

Պատկերացո՛ւր, սիրելի՛ ընթերցող, որ կ’ապրինք այնքան հակասութիւններով լեցուն երկրի մը մէջ, ուր փողկապով եւ համալսարանաւարտ երեսփոխան մը կրնայ դէմ քուէարկել վերոյիշեալ թիւ 522 յօդուածի ջնջումին…:

Պատկերացո՛ւր, որ նման նիւթ մը տակաւին օրակարգ է այսօր…:

Պատկերացո՛ւր,  սիրելի՛ ընթերցող, որ լիբանանեան առկայ օրէնքը, որ ձեւով մը կը ստիպէ ոճրագործը ամուսնանալու իր զոհին հետ, դրուած է այն տրամաբանութեամբ, որ կը պատժէ ոճրագործը, մինչդեռ բուն պատժուողը՝ զոհն է…:

Պատկերացո՛ւր, սիրելի՛ ընթերցող, որ բռնաբարուած ապագայ մայր մը իր զաւակին օր մը կրնայ պատմել, որ իր հայրը զինք բռնաբարողն է… Ինչ առո՛ղջ դաստիարակութիւն…

Հետաքրքրական է իմանալ, որ բռնաբարութիւնը պատժող լիբանանեան այս օրէնքը հաստատողը ի՞նչ նախատեսած է այն պարագային, երբ ոճրագործն ու զոհը նոյն սեռին կը պատկանին…: Անոնց ալ կ’ամուսնացնէ՞…: Եթէ այո. ի՞նչ օրէնքով: Անգոյ քաղաքացիակա՞ն օրէնքով, թէ եկեղեցական…:

Հետաքրքրական է, չէ՞…:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին