Երեքշաբթի, 16. 09. 2025

spot_img

Գեղանկարիչ Սուզան Յակոբեանի Ցուցահանդէսը

*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*

Չորեքշաբթի, 16 Նոյեմբերի երեկոյեան բացումը կատարուեցաւ հայրենի գեղանկարիչ Սուզան Յակոբեանի գործերուն, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի սրահէն ներս։

ARMEN BOGHOSSIAN

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենապետ Վաչէ Սեմերճեան։ Ան յայտնեց, թէ անցնող երկու տարիներուն առաջին ցուցահանդէսն էր, որ կը կատարուէր այդ սրահին մէջ, Յակոբեանի բացառիկ գործերուն գեղեցկութիւնը տրամադրելի դարձնելու համար արուեստասէրներուն։ Ան բեմ հրաւիրեց «Հորիզոն» հեռուստաժամի արուեստի մեկնաբան Նարինէ Չիլինկարեանը, որ Երեւանի մէջ իսկ ծանօթ մը եղած էր Սուզան Յակոբեանին, ու մօտէն հետեւած՝ գեղանկարիչի զարգացումին ու յաջողութիւններուն։ Խօսք առաւ նաեւ ծանօթ քանդակագործ ու բանաստեղծ Արմէն Պօղոսեան, որուն գործերուն ցուցահանդէսը տեղի ունեցած էր նոյն սրահին մէջ։ Ան հակիրճ, բայց ամբողջական վերլուծումով ներկայացուց Սուզան Յակոբեանի արուեստին ժամանակի ընթացքին կատարուած զարգացումին հանգրուանները։ Քանդակագործն ալ, իր հերթին, ծանօթ եղած է Յակոբեանի երեւանեան զարգացումին ու իրագործած վերելքին՝ քայլ պահելով իր սերնդակիցներուն հետ։

NARINE CHILINKATIAN - Copy

Իր բարձրորակ արուեստին մասին կատարուող գնահատականները տեղի կ՚ունենային Յակոբեանի բացակայութեան. անոր ճամբորդութիւնը դէպի Միացեալ Նահանգներ՝ չէր արտօնուած Երեւանի ամերիկեան դեսպանատան վիզայի մերժումին հետեւանքով։ Իր բացակայութեան, հարազատներն ու բարեկամները յաջողած էին 33 ծաւալուն գործեր մէկտեղել եւ ցուցադրութեան պատրաստել։

NARINE KESHISHIAN

Շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ Յակոբեանի զարմուհին՝ իրաւաբան Նարինէ Քէշիշեան, որ ամուսնոյն՝ Փանիկ Քէշիշեանի հետ, յաջողած էր նկարչական գործերը տրամադրել կազմակերպիչ միութեան։

SEMERDJIAN

Հիւրերը հիւրասիրուեցան թէքէեանական, աւանդական դարձած, գինիի սեղանով։ Ինչպէս սովորութիւնն է, ցուցահանդէսը երկու օրեր եւս բաց մնաց՝ արուեստասէր լայն հասարակութեան համար։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին