Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի Հակամարտ Զօրքերու Շփման Գիծի Վրայ Զինադադարի Խախտումներ Իրականացուած են

Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գիծի գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով հակառակորդը շարունակած է խախտել զինադադարի դրութիւնը, լուրը փոխանցեց Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Հաղորդագրութեան համաձայն, առաւել աշխոյժ խախտումներ  արձանագրուած են յառաջնագիծի արեւելեան հատուածին մէջ, ուր բացի տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հակառակորդը կիրառած է նաեւ ականանետեր եւ նռնականետ: Զինադադարի դրութեան խախտման իբրեւ արդիւնք` հայկական կողմը կորուստ չէ ունեցած: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ հերթական ապատեղեկատուութիւն որակեց ազրպէյճանական որոշ լրատուամիջոցներու կողմէ տարածուած այն լուրերը, ըստ որոնց, ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղի ունեցած «դաժան մարտերու ընթացքին» հայկական կողմը տուած է 1 զոհ եւ 9 վիրաւոր: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը վստահեցուց, որ բանակի յառաջապահ ուժերը, շարունակած են վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը եւ անհրաժեշտութեան պարագային հակառակորդին տուած են համարժէք պատասխան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին