Կառավարութիւնը պիտի ստեղծէ ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոն: Ըստ Հայաստանի վարչապետին, անիկա պիտի ըլլայ կառավարութեան կից ու պիտի գործէ հանրային-մասնաւոր գործընկերութեան ձեւաչափով: Կեդրոնի հիմնական գործառոյթը պիտի ըլլայ կառավարութեան համար երկարաժամկէտ ռազմավարութեան ու տարբեր գերակայ ուղղութիւններով բարեփոխումներու հայեցակարգերու ու թղթածրարներու մշակումը: Կարէն Կարապետեանի խօսքով, այդ փաստաթուղթերը ստացած են տարբեր անուանումներ` ռազմավարութիւն, զարգացման ծրագիր, հայեցակարգ, բարեփոխումներու թղթածրար եւ այլն: Կարապետեան բոլոր նախարարութիւններուն յանձնարարած է մէկ շաբաթէն կառավարութեան աշխատակազմին ներկայացնել այդպիսի ռազմավարութիւններ ու բարեփոխումներու հայեցակարգեր:






