Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Մ.Ն-ու նորընտիր փոխ նախագահ Մայք Փենսի հետ: Զրոյցը կայացաւ ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ: Սարգսեան անգամ մը եւս շնորհաւորեց Մ.Ն-ու նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամփն ու անոր խումբը` նախագահական ընտրութիւններուն տարած յաղթանակի առիթով՝ մաղթելով յաջողութիւններ պատասխանատու առաքելութեան գործին մէջ: Զրուցակիցները երկուստեք ընդգծեցին, որ Մ.Ն-ու նոր վարչակազմի օրօք` հայ-ամերիկեան համագործակցութեան արդի բարձր մակարդակը ինչպէս քաղաքական, այնպէս ալ տնտեսական բնագաւառներուն մէջ ո՛չ միայն կը պահպանուի, այլեւ նոր որակ կը ստանայ: Անդրադարձ եղաւ նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող օրակարգային հարցերուն, ներառեալ՝ տարածաշրջանային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն:






