*ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ*
Քաղաքակիրթ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ քաղաքական կամքը կ’արտայայտուի գաղափարախօսային բանաձեւումներէ բխող «հաւատոյ հանգանակ»ներով: Կուսակցական շարքերը կը կազմաւորուին առաջնորդուելով գաղափարական համահունչ մտածողութեան հաւատարիմ անդամներու միասնական ջանքերով: Անոնց գործունէութիւնը կեանք ու շարժում կու տայ իրենց գաղափարախօսային գրականութեան ու ոգիին, որ կը կազմէ խորքը տուեալ ազգին մէկ բաղադրատարրը հանդիսացող հաւաքականութեան ընկերա-քաղաքական համոզումներուն ու կեցուածքին:
Մեկնելով ընդհանրացած այս ճշմարտութենէն, հայ ժողովուրդի պատմութեան վերջին 150 տարիներուն, քաղաքական իւրայատուկ դերակատարութեամբ հանդէս եկած են ազատագրական պայքարին հաւատացող զինեալ խումբեր ու քաղաքական դիրքորոշում պարտադրող հոսանքներ, իմա՝ յեղափոխաշունչ կուսակցութիւններ: Ժամանակի ոգիին հաղորդակից մեր դասական երեք կուսակցութիւնները,- Արմենական, Հնչակեան եւ Հ.Յ.Դ.,- ծնունդ առին 1885-էն 1890 հնգամեակին:
Յիշեալ երեք կուսակցութիւններն ալ կազմաւորեցին հայ ժողովուրդի ներազգային քաղաքական կամքն ու մտածողութիւնը: Իւրաքանչիւրը իր հերթին, հայ ժողովուրդին ընծայաբերեց իր մտաւորականութեան իմացապաշտ Միտքն ու մարտական Ոգին, իսկ ազատագրութեան ռազմադաշտին՝ չսակարկեց արեան գինը իր շարքայիններուն: Սակայն, գեղեցիկ իրագործումներու կողքին, ունեցանք նաեւ պարտութեան համազօր կորուստներ, որոնց մեծագոյնը՝ ցեղասպանութեան զոհ 1,5 միլիոն արեւմտահայութեան բնաջնջում բնաջնջումն ու մեր պատմական հողերու 80 առ հարիւր տոկոսի կորուստն էր:
Արդարեւ, 1918-ի Սարդարապատի ճակատագրական յաղթանակով ամրագրուած եւ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» անունով կնքուած մեր փոքրիկ հողաշերտը, մինչեւ այսօր իր մէջ կը խտացնէ իրաւական հիմունքները մեր ժողովուրդի գոյութեան ու գոյատեւման:
Իսկ 1921-ին, երբ խորհրդային Հայաստանը իրաւականօրէն կը յաջորդէր Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան ու կարիքն ունէր համայն հայութեան հոգեկան օժանդակութեան, Արմենական ու ժողովրդավարական սկզբունքներով սնած ու դաստիարակուած մէկէ աւելի գաղափարակից խմբաւորումներու ղեկավարներ ու մտաւորական դէմքեր, Հոկտեմբեր 1-ին, իրարու մօտ գալով, Կ. Պոլսոյ մէջ կազմեցին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը՝ ընդունելով մնալ բարեկամ դիրքերու վրայ Խորհրդային Հայաստանի պետութեան հետ:
Շուրջ եօթը տասնամեակ ամբողջ ՌԱԿ-ի ղեկավարութիւնն ու մտաւորականութիւնը, սփիւռքահայութեան ազգային գաղափարախօսութեան կազմաւորումին նպաստեց իր բնազդային եւ սկզբունքային ուղղամտութեամբ, առաջնորդուելով միշտ քաղաքական ողջախոհութեամբ ու հեռատեսութեամբ, եւ համազգային շահերու առաջնահերթութեամբ: ՌԱԿ-ի ազգային գաղափարաբանութիւնը կը թելադրուէր ո՛չ միայն հրապարակախօսութեամբ ու մամուլով, այլեւ՝ բառերը կը վերածուէին գեղարուեստական մտածողութեան՝ բանաստեղծութեան: Այսինքն, բանաստեղծ Վահան Թէքէեան, 1933-ին, «Ներկայ Հայաստանին» ձօնած իր առաջին քերթուածը կը սկսի հետեւեալ տողերով՝
«Ներէ որ քէն ըրի քեզի քիչ մը ատեն
-Մինչեւ երէկ- ու դեռ տաք չեմ բոլորովին…»,
Կը խոստովանի իր վիշտը սրտին, որ «ունի յիշողութիւն մը աւելի խոր», սակայն չի մոռնար հաստատելու նաեւ, թէ «սիրտէս առաջ միտքս յարեցաւ, փարեցաւ քեզ»: Ու կ’եզրափակէ հնչեակը արձանագրելով՝
«Տարբե՛ր ես դուն մեր երազէն.- աւելի՝ լաւ…
Աւելի՝ լաւ կ’ըսեմ այո, անզիղջ, անգութ,
Զի դատակնիքն է «չեղածին», փաստն «ըլլալուդ»…»:
Այս եռամաս քերթուածաշարքին գ. հնչեակին առաջին տողը կը խտացնէ բանաստեղծին մարգարէաշունչ տեսիլքը, թէ
«Երկիրը հոն իր զաւակինն է այլեւս…»,
գրուած՝1937-ին:
Որքա՛ն զգայուն էր իբր բանաստեղծ, նաեւ նոյնքա՛ն հեռատես էր քաղաքական տեսաբանն ու գործիչը: Թուականը քերթուածին՝ կը յուշէ մեզի խորհրդային դարաշրջանի ամէնէն դատապարտելի ու ոճրածին ժամանակահատուածը, որ պատճառ դարձաւ ի շարս այլոց՝ բազմահազար հայրենաբնակ անմեղ զոհերու եւ մարդկային կորուստներու, որոնց դիմաց սփիւռքահայ մեր աւանդական կուսակցութիւններն ու անկախ մտաւորականութիւնը ստեղծեցին դատապարտանքի արդար ալիքներ:
ՌԱԿ-ի դերը մեր ազգային գաղափարախօսութեան մէջ առաւել եւս ամրացաւ, երբ Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտին կազմակերպուեցաւ հայրենադարձի մեծ շարժումը: Առաւել եւս, երբ 1956-ին սկիզբ կ’առնէր հայց. եկեղեցւոյ ծոցին մէջ ստեղծուած եւ նուիրապետական զոյգ Աթոռներուն պարտադրուած հանրածանօթ տագնապը, որ առաւելաբար ծառայեց աշխարհը ղեկավարող զոյգ գեր-պետութիւններու հետապնդած քաղաքական շահերուն եւ ոչ թէ հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաքելութեան: Այսօր, 60-ամեակ մը ետք այդ թուականէն, ժամանակի թելադրանքով փոխուած են հարցերը ընկալելու եւ քննարկելու պայմանները: Մեր ժողովուրդին համար ԷԱԿԱՆը իր ունեցած ներկայ թուաքանակին ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄՆ է ու մեր հայրենիքի եւ Արցախի սահմաններուն եւ ազգաբնակչութեան ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆը:
Ներկայ օրերուն, բովանդակ հայութիւնը կը նշէ զոյգ հանրապետութիւններուն 25-ամեակը: Այսօր,նՀայաստան եւ Արցախ համահաւասար մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն, եւ հիմքը՝ մեր ազգային պահանջատիրութեան: Ներքին կառավարական ձեւաչափերուն եւ արտաքին քաղաքականութեան կարգ մը ոլորտներուն մէջ կրնանք համաձայն ըլլալ կամ չըլլալ իշխող տարրերուն հետ, սակայն կարեւորագոյնը պէտք է ըլլայ մեր ԵՐԿԻՐը զերծ պահել «կարմիր արիւնահոսութենէ»: Մենք մեր աչքերը կը յառենք դէպի անստոյգ ապագան գալիք դարերու: Իբրեւ ժամանակակից վկաները հայ ժողովուրդի պատմութեան, եւ իբրեւ գիտակ անձեր 14-20-րդ դարերու հայութեան անհայրենիք կենցաղավարութեան, ուրեմն Հայաստանի յաջորդական ԵՐԵՔ հանրապետութիւնները,- իրենց դրական թէ կարգ մը բացասական երեսներով, պիտի ընդունինք իբրեւ հրաշքի համազօր երեւոյթ:
Այս պէտք է ըլլայ ՄԵԿՆԱՐԿը մեր մեծ ՏԵՍԻԼՔին:
ՌԱԿը, իր ժողովրդավարական եւ ազատական սկզբունքներով,սպառազինուած իր գոյութեան 95 տարիներու փորձառութեամբ, այսօր կը ներկայանայ հայ ժողովուրդի ԴԱՏԱՍՏԱՆին:
Իսկ, սոյն տողերը ստորագրողը, իր սրտին խորը գաղափարապաշտ ՀԱՅ ՄԱՐԴու հաւատքով ու տեսիլքով, կը ներկայանայ իր ընթերցողին 60-ամեայ հերկովն ու համեստ բերքովը , սկսած Թէքէեան Մշկթ. Միութեան 1956-ին ծնունդ առած (այժմ դադրած 10-ամեակէ մը իվեր) «ՇԻՐԱԿ» գրական ամսագրին բերած իր մնայուն գործակցութեամբ եւ ՌԱԿ մամուլին ընդհանրապէս:
Այժմ, ինչ կը մնայ ինծի եւ իմ գործակից հայ Գիրի ու Գաղափարի ընկերներուս, եթէ ոչ.- «Արեւն ըմպած ըլլալու մխիթարանքն անհուն» (Վ.Թ.):






