Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գիծի գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով հակառակորդը շարունակած է խախտել զինադադարի դրութիւնը, լուրը փոխանցեց Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Հաղորդագրութեան համաձայն, առաւել աշխոյժ խախտումներ արձանագրուած են յառաջնագիծի արեւելեան հատուածին մէջ, ուր բացի տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հակառակորդը կիրառած է նաեւ ականանետեր եւ նռնականետ: Զինադադարի դրութեան խախտման իբրեւ արդիւնք` հայկական կողմը կորուստ չէ ունեցած: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ հերթական ապատեղեկատուութիւն որակեց ազրպէյճանական որոշ լրատուամիջոցներու կողմէ տարածուած այն լուրերը, ըստ որոնց, ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղի ունեցած «դաժան մարտերու ընթացքին» հայկական կողմը տուած է 1 զոհ եւ 9 վիրաւոր: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը վստահեցուց, որ բանակի յառաջապահ ուժերը, շարունակած են վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը եւ անհրաժեշտութեան պարագային հակառակորդին տուած են համարժէք պատասխան:






