Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

ՀԲԸՄ-ը Հայաստանի ՄԷջ Կը Նշէ Հիմնադրման 110-Ամեակը

*ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ*

«Հայկական բարեգործական ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ)  վերջին ամիսներուն տարբեր ձեռնարկներով սփիւռքեան մասնաճիւղերուն մէջ նշած է միութեան 110-ամեակը: Չէինք կրնար Մայր հայրենիքի մէջ յոբելենական ձեռնարկներ ունենալու հնարաւորութիւնը կորսնցնել: Հայաստանի մէջ  ձեռնարկները որոշած էինք իրականացնել Ապրիլ ամսուն, բայց քառօրեայ պատերազմի պատճառով յետաձգեցինք: Հիմա ուրախ եմ, որ խաղաղ պայմաններու մէջ  կեանքի կը կոչենք»,-այս մասին լրագրողներուն հետ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսաւ ՀԲԸՄ Հայաստանի նախագահ, ՀԲԸՄ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վազգէն Եագուպեան:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Վազգէն Եագուպեան նշեց, որ ՀԲԸՄ-ը մնայուն ներկայութիւն դարձած է Հայաստանի մէջ, բազմաբնոյթ ծրագիրներ իրականացնելով` խոր արմատներ ձգած են այստեղ, որ պիտի շարունակեն ազգային նպատակներուն հասնելու համար կամրջել Սփիւռքի ներուժը Հայաստանի մէջ առկայ ներուժին:

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախագահ Պերճ Սեդրակեան ըսաւ, որ  անցնող 110 տարիներու ընթացքին միութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ հայութեան համար փարոս  հանդիսացած է: Միութեան նախագահը վստահեցուց, որ ձեռնարկներու շարքը պիտի համախմբէ ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութիւնը, անդամները, գործընկերները, բարեկամները` տօնախմբելու նշանակալի այս իրադարձութիւնն ու վերահաստատելու «Միութիւնը զօրութիւն է» ՀԲԸՄ-ի երկարամեայ կարգախօսը:

Ապա տեղի ունեցաւ «Մէկդարեայ պատմութիւն. Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւն» ելեկտրոնային գիրքի շնորհանդէսը, որ ներկայացուց հայկական վըրթուալ համալսարանի հիմնադիր-նախագահ, ՀԲԸՄ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Երուանդ Զօրեան:

Հետեւելով ՀԲԸՄ-ի ձգտումներուն, գիրքը նոր ձեւաչափով է, ` եւ կը վերաիմաստաւորէ հայկական փորձը կրթութեան ու ուսուցման բնագաւառին մէջ:

Գիրքին առաջին հատորը կը ներկայացնէ ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան հիմնադրման` 1906 -1940-ական թուականները, իսկ երկրորդ հատորը`1941– 2006-ի ծաւալած գործունէութիւնը:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ «Snapshot 110» լուսանկարչական ցուցահանդէսի բացումը, որուն նպատակը Սփիւռքի մէջ ապրող մասնագիտական եւ սիրողական մակարդակի լուսանկարիչներու համախմբումն է: Անոնք աշխատանքներուն մէջ ներկայացուցած են կրթական, մշակութային, հոգեւոր եւ մարդկային այն արժէքները, որոնք կը մարմնաւորեն ՀԲԸՄ-ը:

ՀԲԸՄ-ի` Դեկտեմբեր 2-ի յոբելեանական  ձեռնարկները եզրափակուեցան Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցած «Հոգիս» պարային երաժշտական ներկայացմամբ` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ ՀԲԸՄ-ի Նորքի Հայորդաց տան ու «Թումօ» ստեղծարար արհեստաբանութիւններու կեդրոնի սաներու կատարմամբ:

Աւելցնենք, որ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը հիմնադրուած է 15 Ապրիլ, 1906-ին, Գահիրէի մէջ (Եգիպտոս)` յայտնի ազգային գործիչ Պօղոս Նուպարի եւ եգիպտահայ համայնքի ականաւոր ներկայացուցիչներու նախաձեռնութեամբ` հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային զարգացման նպաստելու համար:Անոնց հիմնական նպատակն էր ստեղծել  միութիւն մը, որ կոչուած էր ամէն կերպ աջակցելու հայ ժողովուրդին:

1906-էն ի վեր ՀԲԸՄ-ը հաւատարիմ մնացած է իր կոչման` համայն հայութեան բարգաւաճման նպաստող հիմքերու ստեղծման: Այսօր միութիւնը ունի 74 շրջանային յանձնաժողովներ, մասնաճիւղեր, գործընկեր կազմակերպութիւններ, 28 երիտասարդ արհեստավարժներու համախմբումներ, 24 դպրոցներ, մշակութային ու երիտասարդական տասնեակ կեդրոններ, գեղարուեստական, մարզական ու սկաուտական խումբեր: Իր պատմութեան կերտման ողջ ընթացքին,  միութիւնը հաւատարիմ  մնացած է հիմնադիրներու տեսլականին` ներդրումներ կատարելով հայ ժողովուրդի կրթական, ընկերային, առողջապահական ու մշակութային կեանքի բարելաւման եւ յառաջընթացին նպատակով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին