Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութիւնը․ Յառաջիկայ Ընտրութիւններու Ազատ Եւ Արդար Ըլլալն Ապահովելը Վճռորոշ Պիտի Ըլլայ Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Ամրապնդման Եւ Եւրոպական Միութեան Հետ Յետագայ Յարաբերութիւններուն Առումով

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը յայտարարեց, որ «յառաջիկայ ընտրութիւններու ազատ եւ արդար ըլլալն ապահովելը վճռորոշ պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ Եւրոպական Միութեան հետ յետագայ յարաբերութիւններուն առումով»: Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշեց, որ հետեւելով իշխող համախոհութեան եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն միջեւ ընտրական բարեփոխումներու ուղղութեամբ ձեռք բերուած համաձայնութեան, իրականացման կարեւոր առաջին քայլերուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ կայացած խորհրդակցութիւններուն, կ’ակնկալեն, որ Հայաստանի կառավարութիւնը  ջանք չխնայէ նշեալ բարեփոխումները կեանքի կոչելու համար: Նշելով, որ ՄԱԿ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութեամբ, Եւրոպական Միութիւնը դրական արձագանգեց ընտրական բարեփոխումներու ծրարի իրականացման նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու Հայաստանի կառավարութեան խնդրանքին: Յայտարարութիւնը նկատել տուաւ, որ «Եւրոպական Միութեան կողմէ տրամադրուող մինչեւ 7 միլիոն եւրոյի օժանդակութեամբ  կ’ամբողջանայ գոյութիւն ունեցող նիւթական բացը` թոյլ տալով սահուն կերպով իրականացնել ընտրական բարեփոխումներու շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը»:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին