Երեքշաբթի, 16. 09. 2025

spot_img

«Անուշ» Պարախումբը 2017-ի Գործունէութիւնը Պիտի Նուիրէ Համահայկական Շարժումին

*ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ*

Գերմանիոյ Միւնխէն քաղաքի Հայ հայրենակցական միութեան «Անուշ» պարախումբը միացած է «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» նախաձեռնութեան: Նոյեմբեր 26-ին, Միւնխէնի մէջ կայացած «Երիտասարդ պարող» մրցոյթին պարախումբը երկրորդ դիրքը գրաւելէ ետք, դահլիճի միջանցքին մէջ շարժման ցուցապաստառով լուսանկարուած է` արժանանալով մարդոց ուշադրութեան: Նոյնիսկ մրցոյթի ղեկավար Մաթթի Կոլտշմիթը ցանկութիւն յայտնած է լուսանկարուելու անոնց հետ:

«Տեղեկանալով, որ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը համահայկական նման շարժում  սկսած է, շատ ոգեւորուեցայ եւ մէկ անգամէն որոշեցի պարախումբը անպայման մասնակից դարձնել: Մեզմէ իւրաքանչիւրը տարբեր միջոցներով պէտք է այս կարեւոր գործին մէջ ներդրում ունենայ»,- «Հայերն այսօր»-ի  հետ զրոյցին մէջ ըսաւ  պարախումբի հիմնադիր, պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար Անուշ Չախալեան` աւելցնելով, որ 2017 թուականին պարախումբի ամբողջ գործունէութիւնը պիտի նուիրեն «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումին:

Պարուսոյցը նշեց, որ նախաձեռնութիւնը Սփիւռքի մէջ հզօր ալիք բարձրացուցած է, որ կը փաստէ հայ ժողովուրդի համախմբուածութեան մասին:

«Անուշ» պարախումբը հիմնադրուած է 2001-ին, երբ արդէն հաստատուած կազմով ելոյթ ունեցած է Վարդանանց տօնին: Պարախումբ կը յաճախէ 3-45 տարեկան շուրջ 70 մարդ:

«Անուշ» պարախումբը միշտ կը մասնակցի Հայաստանէն Միւնխէն ժամանած հայ էսթրատային երգիչ–երգչուհիներու համերգներուն, ինչպէս օրինակ` երգչուհի Նունէ Եսայեանի հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «Կա՛նք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» համերգարշաւի՛ն, որուն կազմակերպիչներէն կը հանդիսանար նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը:

Անոյշ Չախալեան Հոկտեմբեր 17-ին ներկայ գտնուած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան, Համաշխարհային հայկական քոնկրէսի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան կողմէ իրականացուող «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար համահայկական մրցանակաբաշխութիւն-2015»-ին, որուն ընթացքին«Անուշ» պարախումբը «լաւագոյն գեղարուեստական խումբ» անուանակարգին մէջ երկրորդ կարգի մրցանակի  արժանացած է:

 «Հայերն այսօր»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին