Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

«Կռունկ» Ինքնավարութեան Երիտասարդները` Համահայկական Շարժման Ջատագովներ

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ի՞նչ կընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումը սփիւռքեան համայնքներուն մէջ երթալով լայն տարածում կը ստանայ:

ՌԴ Սթաւրոփոլի երկրամասի Քիսլովոտսկ քաղաքի ազգամշակութային «Կռունկ» հայկական ինքնավարութեան երիտասարդները ՌՀՄ Սթաւրոփոլի երկրամասի ՌՀՄ բաժանմունքի երիտասարդական կազմակերպութեան նախագահ Գարիկ Քէշիշեանցի եւ Քիսլովոտսկի հայ համայնքի երիտասարդական թեւի ղեկավար Մուշեղ Կիւրկչեանի գլխաւորութեամբ միացած են նախաձեռնութեան` նպատակ ունենալով իրենց ներդրումը ունենալ այս կարեւոր գործի տարածման: «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Մուշեղ Կիւրկչեան նշեց, որ պիտի շարունակեն սերտ համագործակցութիւնը ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հետ. նախատեսած են 2017 թուականին աւելի աշխուժացնել համայնքի մասնակցութիւնը նախարարութեան ծրագիրներուն:

Քիսլովոտսկի մէջ հայերը բնակութիւն հաստատած են 1803-էն ի վեր: 1997-ին օծուած է Հայ Առաքելական Ս. Վարդան եկեղեցին:

Եկեղեցին եւ ինքնավարութեան շէնքը միասին կը կազմեն իւրայատուկ կրօնամշակութային ընդգրկուն համալիր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին