Երեքշաբթի, 16. 09. 2025

spot_img

ԼՂՀ Ֆինանսական Աջակցութեան Հաշուեհամարի Տուեալները

2016-ի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող հազարաւոր հայրենակիցներ դիմեցին Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան` յայտնելով իրենց զօրակցութիւնն ու օգնութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութիւնը: Այդ առիթով ԼՂՀ կառավարութիւնը բացաւ նիւթական օժանդակութեան հաշուեհամար: Բոլոր այն անձիք, որոնք կը ցանկան օժանդակել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան, փոխանցումները կրնան կատարել հետեւեալ հաշուեհամարներուն`

Հաշուեհամարները`
ՀՀ դրամ` 22300612211100
ԱՄՆ տոլար` 22300110153200
Եւրօ` 22300200153300
ՌԴ ռուբլի` 22300400153100
Սպասարկող դրամատուն` «Արցախբանկ» ՓԲԸ
Հասցէ` Քիեւեան փողոց 3, Երեւան, Հայաստան
SWIFT` ARTSAM22
Ստացող` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ֆինանսներու նախարարութիւն

 

Աւելցնենք, որ  20-24 Հոկտեմբեր, 2016-ին Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի  կազմակերպութեամբ կայացաւ «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը` նուիրուած Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին:

Հոկտեմբեր 24-ին` Ստեփանակերտի մէջ համաժողովի մասնակիցները որոշեցին համահայկական լրատուամիջոցներով սկսիլ «դո՛ւն ի՞նչ կընես Ղարաբաղի համար» խորագիրով շարժում` ողջ աշխարհի հայութիւնը յանձնառու դարձնելու ԼՂՀ-ին օգնելու, ներդրումները խթանելու, ԼՂՀ-ի սոցիալ-տնտեսական, գիտակրթական եւ մշակութային կեանքը առաւել զարգացնելու ուղղութեամբ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին