Մոնրէալի «Սուրբ Յակոբ» ազգային վարժարանի խումբ մը աշակերտներ միացած են ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ինչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» շարժումին` լուսանկարուելով համապատասխան պաստառով:
«Հայերն այսօր»–ի փոխանցմամբ` 700 աշակերտ ունեցող դպրոցը ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան միջոցով մշտապէս կապի մէջ է հայրենիքի հետ: Ապրիլեան քառօրեայէն ետք աշակերտները նամակներ գրած էին Արցախի ու Հայաստանի սահմանին կանգնած զինուորներուն` իրենց աջակցութիւնը յայտնելով հայրենիքի պաշտպանին: Ի դէպ, դպրոց կը յաճախեն նաեւ բազմաթիւ սուրիահայ փոքրիկներ, որոնք վերջին տարիներուն տեղափոխուած են Գանատա:
«Սուրբ Յակոբ» ազգային վարժարանը հիմնադրուած է 1974թուականին: Այն կը համարուի Քիւէպէքի 10 լաւագոյն դպրոցներէն մէկը: Վարժարանին մէջ կը գործէ նաեւ մանկապարտէզ: