Օրերս Վալանսի մէջ կայացաւ Վալանսի երաժշտութեան եւ պարի ակադեմիոյ հիմնադրման 5-ամեակին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի Անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ, որուն մասնակցած են նաեւ երաժիշտներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Ֆրանսայէն` Համլէտ Գէորգեան (Հայաստան), Էռնա Միրզոյեան, Լիլիթ Աւանէսեան եւ Աննա Իզմայիլեան (Արցախ) եւ Սարգիս Հարոյեան (Ֆրանսա):
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն կազմակերպիչները` Վալանսի Ռատիօ A-ի նախաձեռնութեամբ երաժիշտները եւ ռատիոկայանի աշխատակիցները միացած են «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումին: