Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան 17-րդ Գագաթաժողովը Հայաստանի մէջ Պիտի Կայանայ

Մատակասքարի մայրաքաղաքին մէջ կայացած ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան գագաթաժողովին ընթացքին միաձայն որոշում ընդունուեցաւ` 2018 թուականին  կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովը Հայաստանի մէջ կայացնելու վերաբերեալ:  Որոշումին յաջորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի ելոյթը, որուն ընթացքին` ան դիմելով ֆրանսախօս երկիրներու պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներուն, ընթերցեց Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի շնորհակալական ուղերձը: Ուղերձին մէջ Սարգսեան ըսաւ, որ կազմակերպութեան յաջորդ գագաթնաժողովը Հայաստանի մէջ կայացնելու որոշումը վկայութիւն է մեր երկրի հանդէպ դրսեւորուած վստահութեան եւ համերաշխութեան, որ կազմակերպութեան իր անդամակցութեան յաջորդած տարիներուն ընթացքին կարեւոր ներդրում ունեցած է ֆրանկոֆոնիայի արժէքներու տարածման գործին մէջ: «Մենք հաստատակամ ենք ապահովելու այս կարեւոր իրադարձութեան յաջողութիւնը: Մեր երկիրը կը գործադրէ բոլոր ջանքերը՝ բարձր մակարդակով զայն կայացնելու՝ այդպիսով տօնելով նաեւ Կազմակերպութեան Հայաստանի անդամակցութեան տասնամեակը» ըսաւ նախագահ Սարգսեան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին