Ազգային Ժողովի «Հանրապետական» խմբակցութեան պատգամաւոր, Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինի նորընտիր անդամ Սամուէլ Ֆարմանեան յայտարարեց, թէ ինք գործադիր մարմինի շրջանակներէն ներս կը բարձրաձայնէ հասարակութիւնը յուզող այն խնդիրները, որոնց վերաբերեալ ինք իր տեսակէտը ունի: Ինչ կը վերաբերի գործադիր մարմինի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն, Ֆարմանեան, tert.am-ին յայտնեց, թէ հանրապետութիւնը ոչ միայն ընկերա-տնտեսական խնդիրներու, բարոյա-հոգեբանական հարցերու, այլեւ՝ արտաքին մարտահրաւէրներու դէմ պայքարելու խնդիր ունի: «Նոր Սահմանադրութեան ընդունմամբ բոլորիս համար ակնյայտ է, որ քաղաքական համակարգը կը ձեւափոխուի, քաղաքական կուսակցութիւնները աւելի մեծ պարտաւորութիւն կը ստանձնեն, յատկապէս, երբ խօսքը կը վերաբերի իշխող կուսակցութեան» ըսաւ Ֆարմանեան ու աւելցուց, «ատիկա կը նշանակէ, որ մենք որպէս իշխանութեան համար պատասխանատու քաղաքական մեծամասնութիւն՝ գնահատելով իրավիճակը, վերագնահատելով մեր գործունէութիւնը, պէտք է յառաջ շարժինք՝ նուազեցնելու այդ սպառնալիքները»: Ան նաեւ նշեց, որ Հայաստանի մէջ ոչ միայն ընկերա-տնտեսական, այլեւ՝ քաղաքական ու համակարգային փոփոխութիւնները այլ ընտրանք չունին»:






