Մատենադարանին մէջ պահուող ձեռագիրներէն մօտ 7000-ը արդէն թուայնացուած է: Միաժամանակ թուայնացուած են նաեւ 100 հազար միաւոր արխիւային վաւերագիրներ: Այս մասին, ըստ Panorama.am-ի, յայտնած է Մատենադարանի տնօրէնի նորագոյն ճարտարագիտութիւններու եւ հրատարակչական հարցերու գիծով խորհրդական, տպագիր եւ ձեռագիր հաւաքածուներու թուայնացման աշխատանքներու պատասախանատու Գուրգէն Գասպարեան:
Ան նշած է, որ արխիւային վաւերագիրները կը թուայնացուին ըստ պատուէրի, պահանջի, ձեռագիրները` ըստ գոյքահամարի, հերթականութեան:
«Երբեմն ձեռագրերը թուայնացնում ենք նաեւ ըստ պատուէրի: Պատուիրում են հայագէտները, ուսումնասիրողները, երբ որեւէ թեմայի ուսումնասիրութեամբ են զբաղւում»,- աւելցուցած է ան:
Գ.Գասպարեանի խօսքով` Մատենադարանին մէջ կայ 22 հազար ձեռագիր, որուն 1/3-ը արդէն իսկ թուայնացուած է:
«Նման ընթացքով շարունակելու դէպքում երեւի 6-7 տարուայ ընթացքում ձեռագրային ողջ հաւաքածուն կը թուայնացնենք»,- ըսած է ան:
Նշենք, որ Մատենադարանին մէջ պահուող ձեռագիրներու թուայնացման աշխատանքները սկսած են 2007-2008-ին: Տարիներու ընթացքին Մատենադարանը ձեռք բերած է թուայնացման համար նախատեսուած նոր սարքեր: