Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Հայաստանցի Զբօսաշրջիկները Կը Նախընտրեն Մեկնիլ Վրաստան, Յունաստան, Եգիպտոս եւ Սպանիա

Զբօսաշրջութեան նպատակով 2016 Յունուար-Սեպտեմբերին Հայաստանէն մեկնած է 903.541 մարդ: 2015-ի համապատասխան ժամանակաշրջանին նկատմամբ՝ ցուցանիշը աճած է 3 %-ով: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Զարմինէ Զէյթունցեան:

Անոր խօսքով`ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ արտագնայ զբօսաշրջութեան նպատակով՝ Հայաստանէն կը մեկնին յատկապէս ծովափնեայ երկիրներ: «Այդ առումով Վրաստանը մեզ ամենամօտն է եւ ամենամատչելին է, մուտքի արտօնագիր չի պահանջւում: Կարծում եմ, դրանով է պայմանաւորուած սեզոնային զբօսաշրջութեան աւելացումը Վրաստանում: Հայ զբօսաշրջիկները, Վրաստանից բացի, հիմնականում նախընտրում են նաեւ Յունաստանը, Եգիպտոսը, Սպանիան»,- ըսած է ան:

Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը նշած է, որ տարուէ տարի հայերը աւելի շատ կը հետաքրքրուին այնպիսի երկիրներով, որոնք, բացի ծովային հանգիստէն, կ’առաջարկեն նաեւ հետաքրքրական համադրութեամբ զբօսաշրջային արդիւնք` պատմամշակութային եւ այլն: «Միաժամանակ, այստեղ պէտք է հաշուի առնել այն, որ շուկայում աստիճանաբար աւելի նկատելի է դառնում նոր երկրներ ու նոր փորձառութիւններ փնտռելու  միտումը»,- ըսած է Զէյթունցեան:

Հայերը կը նախընտրեն իրենց հանգիստը անցնել նաեւ Հայաստանի տեսարժան վայրերու մէջ: Համաձայն հասարակական փաթեթի հանգիստի ապահովման ծառայութեան ծիրէն ներս հաշուառուած զբօսաշրջային բաժանմունքներու կողմէն ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութիւն ներկայացուած տեղեկատուութիւններուն` 2015 եւ 2016 առաջին կիսամեակին ընթացքին՝ հասարակական փաթեթի ծիրէն ներս՝ զբօսաշրջային փաթեթներ եւ առանձին հիւրանոցային ծառայութիւններ իրացուած են մասնաւորապէս դէպի Ծաղկաձոր, Դիլիջան, Սեւան, Հանքաւան, Աղուերան, Ջերմուկ եւ Ստեփանաւան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին