Երեքշաբթի, 16. 09. 2025

spot_img

Հալէպահայ Աւօ Գաբրիէլեանի «Տուներ Առանց Դռներու» Շարժանկարը՝ Թորինոյի Փառատօնի Գլխաւոր Մրցանակակիր

Հալէպահայ բեմադրիչ Աւօ Գաբրիէլեանի «Տուներ Առանց Դռներու» շարժանկարը արժանացաւ իտալական Թորինոյի 34-րդ Միջազգային Շարժանկարի Փառատօնի գլխաւոր մրցանակին։ Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը։

Փառատօնի Ժիւրին բարձրօրէն գնահատեց Աւոյի հեղինակած այս շարժանկարը, իբրեւ լաւագոյն միջազգային վաւերագրական շարժանկար, յատկապէս նկատի առնելով, որ Աւօն պատերազմական պայմաններու մէջ յաջողած է իր տան պատշգամէն տեսախցիկով աշխարհին ներկայացնել պատերազմի ողբերգութիւնն ու շեշտել, որ Սուրիոյ հայ եւ արաբ բնակչութիւնը հաւասարապէս զոհն են բարբարոսական արարքներու։

Փառատօնին ներկայացուած էին 10 հեղինակային շարժանկարներ.- թրքական, գերմանական, յունական, հոլանտական, արժանթինեան եւ այլն։

Աւօ այս շարժանկարը կը նուիրէ Հալէպին նշելով, որ. «Հալէպը իր մօր՝ Սուրիոյ գրկին մէջ կ՚արիւնի», աւելցնելով, որ այս մրցանակը քայլ մըն է պարզապէս հասնելու այն արդարութեան, որուն կը ձգտի հայ ժողովուրդը հարիւր տարիէ ի վեր։

«Հայերը յաճախ կը շեշտեն, որ երկրորդ Ցեղասպանութիւն մը պիտի չապրին, սակայն ցաւ ի սիրտ՝ այսօր Ցեղասպանութեան կ՚ենթարկուի ոչ միայն Սուրիոյ, այլեւ՝ Իրաքի ու Պաղեստինի ժողովուրդը», կը հաստատէ Աւօ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին