Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան երէկուան համագումարէն ետք յայտարարեց, թէ զինուելու համար պարտադիր չէ սպառազինումներու մրցավազքի մէջ մտնել։ Անոր խօսքով, 21-րդ դարուն սպառազինումներու այնպիսի տեսակներ կան, որ միշտ կարելի է ընտրել խելացի պաշտպանութեան մօտեցումը, նախընտրելով սպառազինումներու այն տեսակները, որոնք փոքր աղբիւրներով կամ կարողութիւններով կրնան բարձր արդիւնաւէտութիւն ապահովել։ «Ատիկա բոլորովին չի նշանակեր, որ մենք չենք սպառազինուիր, ատիկա կը նշանակէ, որ պարտադիր չէ հակառակորդի հետ նոյնատեսակ սպառազինում ունենալ, նոյնատեսակ քանակով», շեշտեց պաշտպանութեան նախարարը։






