Զբօսաշրջութեան նպատակով 2016 Յունուար-Սեպտեմբերին Հայաստանէն մեկնած է 903.541 մարդ: 2015-ի համապատասխան ժամանակաշրջանին նկատմամբ՝ ցուցանիշը աճած է 3 %-ով: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Զարմինէ Զէյթունցեան:
Անոր խօսքով`ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ արտագնայ զբօսաշրջութեան նպատակով՝ Հայաստանէն կը մեկնին յատկապէս ծովափնեայ երկիրներ: «Այդ առումով Վրաստանը մեզ ամենամօտն է եւ ամենամատչելին է, մուտքի արտօնագիր չի պահանջւում: Կարծում եմ, դրանով է պայմանաւորուած սեզոնային զբօսաշրջութեան աւելացումը Վրաստանում: Հայ զբօսաշրջիկները, Վրաստանից բացի, հիմնականում նախընտրում են նաեւ Յունաստանը, Եգիպտոսը, Սպանիան»,- ըսած է ան:
Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը նշած է, որ տարուէ տարի հայերը աւելի շատ կը հետաքրքրուին այնպիսի երկիրներով, որոնք, բացի ծովային հանգիստէն, կ’առաջարկեն նաեւ հետաքրքրական համադրութեամբ զբօսաշրջային արդիւնք` պատմամշակութային եւ այլն: «Միաժամանակ, այստեղ պէտք է հաշուի առնել այն, որ շուկայում աստիճանաբար աւելի նկատելի է դառնում նոր երկրներ ու նոր փորձառութիւններ փնտռելու միտումը»,- ըսած է Զէյթունցեան:
Հայերը կը նախընտրեն իրենց հանգիստը անցնել նաեւ Հայաստանի տեսարժան վայրերու մէջ: Համաձայն հասարակական փաթեթի հանգիստի ապահովման ծառայութեան ծիրէն ներս հաշուառուած զբօսաշրջային բաժանմունքներու կողմէն ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութիւն ներկայացուած տեղեկատուութիւններուն` 2015 եւ 2016 առաջին կիսամեակին ընթացքին՝ հասարակական փաթեթի ծիրէն ներս՝ զբօսաշրջային փաթեթներ եւ առանձին հիւրանոցային ծառայութիւններ իրացուած են մասնաւորապէս դէպի Ծաղկաձոր, Դիլիջան, Սեւան, Հանքաւան, Աղուերան, Ջերմուկ եւ Ստեփանաւան:






