Մատակասքարի մայրաքաղաքին մէջ կայացած ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան գագաթաժողովին ընթացքին միաձայն որոշում ընդունուեցաւ` 2018 թուականին կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովը Հայաստանի մէջ կայացնելու վերաբերեալ: Որոշումին յաջորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի ելոյթը, որուն ընթացքին` ան դիմելով ֆրանսախօս երկիրներու պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներուն, ընթերցեց Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի շնորհակալական ուղերձը: Ուղերձին մէջ Սարգսեան ըսաւ, որ կազմակերպութեան յաջորդ գագաթնաժողովը Հայաստանի մէջ կայացնելու որոշումը վկայութիւն է մեր երկրի հանդէպ դրսեւորուած վստահութեան եւ համերաշխութեան, որ կազմակերպութեան իր անդամակցութեան յաջորդած տարիներուն ընթացքին կարեւոր ներդրում ունեցած է ֆրանկոֆոնիայի արժէքներու տարածման գործին մէջ: «Մենք հաստատակամ ենք ապահովելու այս կարեւոր իրադարձութեան յաջողութիւնը: Մեր երկիրը կը գործադրէ բոլոր ջանքերը՝ բարձր մակարդակով զայն կայացնելու՝ այդպիսով տօնելով նաեւ Կազմակերպութեան Հայաստանի անդամակցութեան տասնամեակը» ըսաւ նախագահ Սարգսեան։






