*ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ*
Տիկ. Քէշիշեանին ճաշերը
1971-1972 կրթաշրջանին Լառնագայի Ազգային Վարժարանին մէջ «Աւագ Ուսուցիչ» էի։ Դպրոցին ճիշդ դիմացը Քէշիշեաններու բնակարանն էր։ Շատ ազնիւ ընտանիք մը, որ երկու զաւակ ունէր վարժարանէն ներս։ Տիկ. Քէշիշեանը շատ խիստ էր եւ շատ մօտէն կը հետեւէր իր զաւակներուն դասերուն եւ միշտ կ՚ուզէր, որ անոնք լաւ նիշեր ստանային։ Վարքով՝ այս տղաքը շատ լաւ էին։ Քանի մը անգամ Տիկ. Քէշիշեանին եփած ճաշերը համտեսելու առիթը ունեցած եմ։ Սքանչելի խոհարար էր ան։
1972-1973 կրթաշրջանին ես Մելգոնեան պաշտօնի կոչուեցայ, որպէս դիւանապետ, եւ յաջորդ տարին ալ՝ որպէս ընդհանուր հերթապահ։ Քէշիշեան եղբայրները արդէն սկսած էին Մելգոնեան յաճախել։ Ինչպէս նախապէս գրած էի, ամիսը երկու անգամ, շաբաթավերջերը, կիպրացի աշակերտները տուն կը մեկնէին։ Քէշիշեան եղբայրները անպայման տուն պէտք էր երթային։ Տուն գացողները Կիրակի երեկոյեան կը վերադառնային։ Շատ յաճախ, այս տղաքը տունէն համադամ ուտելիքներ ալ կը բերէին, որպէսզի յաջորդ քանի մը օրերուն կամաց-կամաց ուտէին։
Միսակ Քէշիշեանը (կարծեմ հիմա ատամնաբոյժ է), անպայման տունէն քանի մը տեսակ ուտելիք կը բերէր՝ միջուկով քէօֆթէ, սարմա, փուռի ճաշեր, անուշեղէններ եւայլն։ Տոպրակները շալկած շատ արագ քալելով եւ երբեմն ալ աստիճաններէն ցատկռտելով ննջարան կը բարձրանար եւ բերած ճաշերը իր պահարանին մէջ պահելով՝ դուռը կը կղպէր եւ վար կ՚իջնէր ընթրելու։ Տղաքը շատ լաւ գիտէին այս մէկը, եւ երբ Միսակը ճաշարանին մէջ դպրոցի ընթրիքը վայելելով զբաղած կ՚ըլլար, իրենք ալ ննջարանին մէջ Միսակին բերած ճաշերը կը վայելէին։ Խեղճ տղան, երբ ննջարան ելլէր իր բերած անուշեղէններուն համին նայելու, անոնք արդէն միւս տղոց ստամոքսներուն մէջ պար բռնած կ՚ըլլային։ Միսակը կը զարմանար, թէ ինչպէ՞ս իր նոր բերած ուտելիքները անհետացեր էին։ Երբ ընկերներուն հարցնէր թէ ո՞ւր են իր բերած ճաշերն ու անուշեղէնները, «հաւանաբար թաքսիին մէջ մոռցեր ես » կամ «վստա՞հ ես որ ճաշերդ վեր բերիր, դասարանը դարակիդ մէջ նայեցա՞ր» կամ «տունը մոռցեր ես» ըսելով կը կատակէին տղուն հետ։ Միսակը այնքան բարի սիրտ եւ մաքուր նկարագիր ունէր, որ սկիզբը բնաւ չէր կասկածեր թէ ընկերները իր պահարանը կրնային բանալ ճաշերն ու անուշեղէնները «մաքրել»։
Բաւական ժամանակ ետք, օր մըն ալ Միսակին մայրը՝ Տիկ. Քէշիշեանը, Մելգոնեան եկաւ բողոքելու։ «Պրն. Գուրուեան, ըսաւ, եկած եմ գանգատելու եւ բողոքելու։ Միսակին դասընկերները իր բերած ճաշերն ու անուշեղէնները իր պահարանէն կը գողնան եւ կ՚ուտեն կոր։ Հիմա կ՚ուզեմ որ այդ տղաքը հոս կանչէք եւ թող ինծի պատասխան տան։ Որո՞նք են նայիմ այդ գողերը»։ Գիտէի, որ եթէ հարցը սկսէի հետապնդել, խնդիրը պիտի մեծնար, տնօրէնը եւ կարգապահական յանձնախումբը գործին մէջ պիտի մտնէին եւ մեր «կիսակուշտ գողերը» շատ խիստ պիտի պատժուէին։ Շատ խիստ պատիժ կար ուրիշին կղպուած պահարանները բացողներուն։
Դէմքիս վրայ անմեղ ժպիտ մը գծագրելով ըսի .- «Տիկ. Քէշիշեան, յանցաւորը դուք էք։» Զարմանքով երեսիս նայեցաւ… « Ես գիտեմ, ես ձեր պատրաստած ճաշերը համտեսած եմ եւ գիտեմ որքան համով են այդ ճաշերը։ Մեր այս գիշերօթիկ տղաքը իրենց տուներէն հեռու են եւ իրենց մայրերուն, տունի ճաշերը շատ կարօտցած են։ Երբ գիտցան, որ դուք այդքան համով հոտով ճաշեր կը պատրաստէք, բնականաբար փորձութեան ենթարկուեցան եւ երբ իրապէս համտեսեցին, այլեւս խենթութիւն էր չգողնալը։ Տղաքը շատ խիստ պատիժները աչքերնուն առած են, բայց հակառակ անոր կ՚ուզեն անպայման ճաշակել ձեր պատրաստած համով ճաշերը։» Տիկ. Քէշիշեանին դէմքին վրայ թեթեւ ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ։ «Ինչո՞ւ, ըսի, օր մը տղուդ դասընկերները տունդ ճաշի չես կանչեր, որպէսզի խեղճերը կուշտ ու կուռ ճաշերդ վայելեն։» «Ուրեմն, ըսաւ, ճաշերուս շատ համով ըլլալո՞ւն համար …» «Այո, ըսի, շատ համով ըլլալուն համար …» «Քանի որ այդպէս է, ըսաւ, անուշ ըլլայ։ Ես Կիրակի մը Միսակիս դասընկերները ճաշի հրաւիրեմ, որ տղաքը համով հոտով ուտեն ու կշտանան։»
Եւ այպէսով, Տիկ. Քէշիշեանը, Միսակը, իր դասընկերները եւ ես շատ գոհ մնացինք հարցին բարւոք լուծումով։
( ) ( ) ( ) ( )
Հայաստանցի մտաւորական հիւրերը
Մելգոնեանցի աշակերտները առանձնաշնորհումը ունէին տարին քանի մը անգամ հայրենիքէն ժամանած հիւր մտաւորականներու հետ շփուելու, անոնց բանախօսութիւնները լսելու, միասին նկարուելու, անոնց ստորագրութիւնները առնելու եւայլն։
Ըսեմ անմիջապէս, որ երբեմն ժամանումի թուականը ճշդուած կ՚ըլլար, ձեռնարկին թուականը որոշուած, հրաւէրները եւ ծանուցումները բաժնուած, յայտագիրը պատրաստուած եւ օդակայան ալ գացած կ՚ըլլայիք զիրենք դիմաւորելու եւ յանկարծ … «Մոսկուայէն վիզան ուշացած է» ըսելով հիւրերը չէին գար եւ ստիպուած կ՚ըլլայինք ամէն բան փոխել։
Մելգոնեանի 40-ամեակի տօնակատարութիւններուն համար Հայաստանէն խումբ մը մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ հրաւիրուած էին հանդիսութիւններուն մաս կազմելու։ Որոշուած օրը պատուիրակութեամբ մը օդակայան գացին տնօրէնն ու քանի մը հոգաբարձուներ, սակայն ժամանած օդանաւին մէջ մեր հիւրերը չկային։ Ըսուեցաւ, որ Մոսկուայի մէջ «օդանաւը փախցուցած են»։ Մենք 12-րդ դասարան էինք այդ տարին (1966)։ Խնդրեցինք տնօրէնէն, որ մենք ալ օդակայան երթանք հիւրերը դիմաւորելու։ Հոգաբարձուներէն ոմանք համաձայն չեղան։ «Այդ չոճուխներուն պէտք չկայ» եղաւ անոնց պատասխանը… Մենք ալ ըսինք որ եթէ մեզ չտանիք, հիւրերը պիտի չգան։ Խնդացինք։ Երկու անգամ եւս Լառնագայի օդակայանը երթալէն ետք, երբ հիւրերը «վիզայի հարցերով» չեկան, ստիպուած եղանք 40-ամեակի ձեռնարկները կատարել ի բացակայութիւն հայրենի հիւրերու։ Տօնակատարութիւններէն շաբաթ մը ետք «մերոնք» ժամանեցին եւ Մելգոնեանի հաշւոյն քանի մը օր Կիպրոսի տեսարժան վայրերը վայելելէն ետք եւ վերի դասարաններու աշակերտներուն հետ կարճ հանդիպումներ կազմակերպելէն ետք, Հայաստան վերադարձան բազմապատկուած եւ ուռած ճամպրուկներով …
1977-ին էր, նշանաւոր բանաստեղծ մը (անունը չեմ ուզեր հոս տալ), երգչուհիի մը եւ դաշնակահարուհիի մը ընկերակցութեամբ Մելգոնեան եկաւ Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 80 ամեակին բանախօսելու եւ գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմելու։ Բանաստեղծ-փաստաբան Սմբատ Տէօվլէթեանը, Լառնագայէն Արամ Գալայճեանը եւ Անդրանիկ Կիւվլէքճեանը, Ասատուր Տէօվլէթեանը եւ ես օդակայան գացինք զիրենք դիմաւորելու։ Քանի որ Արամ Գալայճեանը Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչն էր եւ Անդանիկ Կիւվլէքճանն ալ օդակայանի վերի պաշտօնեաներուն հետ սերտ յարաբերութիւններ ունէր, կարգադրեցին որ օդակայանին «V.I.P.»ի (շատ կարեւոր անձնաւորութիւն) հիւրասենեակը բացուի ի պատիւ մեր հիւրերուն։ Վալիզներու եւ անցագիրներու հարցերը լուծելէն ետք, վերադարձանք Նիկոսիա, իրենց պանդոկը։ Ժամը արդէն 4։00 եղած էր։ Հանդէսը պիտի սկսէր ժամը 8։00-ին։ Մեր Բանաստեղծը «քիչ մը սենեակս բարձրանամ միտքերս հաւաքելու իրիկուան բանախօսութեանս համար» խնդրեց … Սմբատ Տէօվլէթեանն ու ես իրարու աչքին նայեցանք։ Աւելի քան երեք ամիս առաջ լուր տուած եւ հրաւիրած էինք զինք, եւ ինք հիմա, վերջին օրը, հանդէսէն չորս ժամ առաջ կ՚ուզէր առանձնանալ իր «միտքերը հաւաքելու»։ Այսքան էր իր լրջութիւնն ու յարգանքը Չարենցին, կիպրահայերուն եւ Մելգոնեանցիներուն հանդէպ։ Ոչինչ։ Դաշնակահարուհին եւ երգչուհին խնդրեցին, որ ժամը 7։00-ին սրահ տարուին, որպէսզի հոն փորձ ընեն քիչ մը։ Այդ ալ՝ոչինչ։
Նման հանդէսներու համար, Մելգոնեանը սքանչելի յայտագիր կը պատրաստէր, խմբային եւ անհատական արտասանութիւններով, նուագով, երգչախումբով եւ պարախումբով։ Աշակերտներուն օրուան նիւթին մասին խօսած կ՚ըլլային հայերէնի ուսուցիչները, որպէսզի անոնք աւելի լաւ վայելէին բանախօսութիւնը։ Չարենցէն համադրուած խմբային արտասանութիւն («Ամբոխները Խելագարուած») եւ այս Բանաստեղծէն քանի մը բանաստեղծութիւններ արտասանուելէն ետք՝ բեմ հրաւիրուեցան դաշնակահարուհին եւ երգչուհին։ Պէտք է ըսել, որ դաշնակահարուհին շատ լաւ պատրաստուած էր, իսկ երգչուհի՞ն … Յայտնի էր, որ «վերերը» շատ ազդեցիկ ծանօթներ ունէր, «Երեւան Էրէբունի»ի բառերն անգամ լաւ չէր գիտեր։ Աւելի չմանրամասնեմ, ապա թէ ոչ «վերջը լաւ չի լինի»։
Բացառիկ կերպով ներկայացուեցաւ եւ որոտընդոստ ծափերով բեմ հրաւիրուեցաւ մեր Բանաստեղծը։ Երանի ձայնագրէինք իր խօսքը, որպէսզի ընթերցողները հաւատային ըսելիքիս։ Եթէ այդ օր Մելգոնեանի աւարտական դասարանի աշակերտէ մը խնդրուէր, որ Չարենցի մասին խօսի, ես կեանքիս վրայ կ՚երդնում, որ աշակերտին խօսքը շա՛տ աւելի բովանդակալից կ՚ըլլար քան՝ այս բանաստեղծին խօսքը։ Պարզապէս գրականութենէ հասկցողներն ու Չարենցի մասին ծանօթութիւն ունեցողները մեծ յուսախափութիւն ապրեցան այդ օր։ Նոյնիսկ գրասէր աշակերտներէն ոմանք յուսախափ եղան։ Զղջացինք որ անոր հրաւիրած էինք այդ առիթով։ Կարծեմ «սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէ»ի պատասխանատուները որոշած էին զինք ղրկել Կիպրոս, ի դիմաց … 30 արծաթի։
Մեր հիւրերն էին վերջապէս։ Տէր եւ Տիկ. Սմբատ եւ Թագուհի Տէօվլէթեանները, Ասատուր Տէօվլէթեանը, Տէր եւ Տիկ. Գէորգ եւ Սիլվա Յակոբեանները, ես եւ կինս, Ալիսը, եւ ուրիշ զոյգ մը հիւրերուն Մակետոնիտիթցայի մօտ գտնուող «Մոն Փարնաս» շատ նշանաւոր եւ լաւագոյն ճաշարանը տարինք ընթրիքի։ Ապսպրանքները երբ որ եկան, մեր «երգչուհին» առանց ճաշին համին նայելու «ես այս ճաշը չեմ ուզեր» ըսաւ։ Պրն. Տէօվլէթեանը անմիջապիս ուրիշ մը ապսպրեց։ «Երգչուհին» նորէն ըսաւ որ այդ մէկուն տեսքը չի հաւնիր եւ ուրիշ ճաշ մը կ՚ուզէ։ Յայտնի էր, որ այդ «երգչուհին» Պրն. Տէօվլէթեանին լաւ չէր ճանչնար։ Պրն. Տէօվլէթեանը սպասարկող մարդուն կանչեց, մեղմ ձայնով բաներ մը ըսաւ եւ քանի մը վայրկեան ետք պնակ մը խաշած սպակէթթի դրուեցաւ «երգչուհի»ին առջեւ … Խեղճուկին կզակը մինչեւ կուրծքերը իջան բայց կարեւորութիւն տուող չեղաւ (ո՛չ տրամադրութեան, ո՛չ կուրծքերուն…)։
Կարգ մը կիպրահայ ազնուափայլ տիկինները մեր բանաստեղծին իրենց տուները կանչելով ուզեցին հիւրասիրել։ Պատիւ էր։ Մարդուկը, տակաւին տուն չհասած, ասոնցմէ կը խնդրէ, որ «մի քիչ շուկայ» երթան քանի մը գնումներ ընելու իրեն եւ իր կնկան համար։ Երրորդ օրը գանգատները այնքան շատցան, որ Յունաստան հեռաձայնեցինք եւ ըսինք որ «Բանաստեղծը հոս է, կ՚ուզէ՞ ք զինք Աթէնք ղրկենք …» Մարդիկը շատ խանդավառուեցան։ Ղրկեցինք։ Երկու օր ետք քանի մը հեռաձայններ ստացանք Աթէնքէն որ «ինչու՞ այս փորձանքը մեր գլխուն փաթթեցիք»։ Մինչ այդ դաշնակահարուհին եւ «երգչուհի»ն Երեւան մեկնած էին։ Մեր մարդուկը իր մեկնումի օրը Աթէնքէն Լառնագա եկաւ եւ հեռաձայնեց մեզի ըսելու, որ ինք օդակայանն է, ութը ժամ ազատ է, եթէ կարելի է երթանք եւ զինք վերցնենք։ «Դու սպասիր ես կը գամ» երգը կը յիշէ՞ք…
( ) ( ) ( ) ( )
Ջրամբարէն շէնք ՝ ջրուղին
Կիպրոս միշտ ջուրի տագնապ ունէր, հետեւաբար Մելգոնեանն ալ ջուրի անբաւարարութենէն կը տառապէր։ Տարին վեց ամիս, շաբաթը երեք անգամ, գիշերները, իւրաքանչիւր անգամ միայն ութը ժամ ջուր կու տային բնակիչներուն։ Մելգոնեանցիներս, մանաւանդ մարզիկները, շատ կը նեղուէինք այս կացութենէն։
1979-ին Մելգոնեանի տնօրէնուհին Տիկ. Սօսի Պետիկեանն էր։ Իրեն ըսի որ Մելգոնեանի ջրամբարին տակ ընդյատակեայ ջուր պէտք է ըլլայ։ Ինչո՞ւ չենք հաստատեր այդ եւ ջուրը օգտագործեր։ Տրամաբանական գտաւ գաղափարս եւ հոգաբարձութեան հետ համախորհուրդ, մասնագէտներ բերին եւ հաստատեցին, որ ջրամբարին տակ մաքուր ջուր կայ։
Ջուրը ջրհորէն հանելէն ետք պէտք էր մինչեւ մանչերու շէնքին քով գտնուող մեծ ջրամբարին մէջ հոսեցնել։ Այդ ընելու համար պէտք էր ջրամբարին տակէն մինչեւ մանչերու շէնքը խողովակ զետեղուէր, որուն համար պէտք էր ամբողջ այդ միջոցը փորուէր։ Հսկայական գործ։ Եւ քանի որ Մելգոնեանի հոգաբարձութիւնը մասնագէտ է «իքոնոմութիւն» ընելու, փորելու եւ խողովաները զետեղելու գործը յանձնեցին Պրն. Յարութիւնին եւ Պրն. Մաքսուտին՝ դպրոցի երկու գործաւորներուն, որոնք նորոգութիւններով կը զբաղուէին։ Մելգոնեանը «քիչ մը հին» ըլլալուն, անվերջ նորոգութիւններու պէտք կ՚ունենար, մանաւանդ, կոյուղիներու նորոգութեան։ Այս մարդիկը երկու հոգիով չէին կրնար դպրոցին ընթացիկ նորոգութիւններուն հասնիլ, ուր մնաց այդ «ջրանցք»ին գործը գլուխ հանել։
Մելգոնեանը այդ տարիներուն «չորս ժամ»ի դրութիւն մը ունէր։ 12-րդ դասարանի տղաքը ամիսը չորս անգամ, 11-րդը՝ երեք անգամ, 10-րդը երկու անգամ իսկ 9-րդն ալ մէկ անգամ, շաբաթավերջին քաղաք երթալու արտօնութիւն ունէին քէպապի, սինեմայի, եւայլնի համար։ 8-րդ դասարանը նման արտօնութիւն չունէր։ Պրն. Յարութիւնին եւ Մաքսուտին հարցուցի, թէ կ՚ուզե՞ ն որ տղաքը փորեն այդ ճամբան, որպէսզի խողովակները մէջը թաղեն … «ամման Պրն. Գուրուեան, ինչ կ՚ըլլաք, մեզի շատ օգնած կ՚ըլլաք» ըսին։
Ութերորդ դասարանի տղոցմէ քանի մը հոգի գրասենեակս կանչեցի եւ ըսի փորելու այսպիսի գործ մը կայ, «չորս ժամ»ի փոխարէն կ՚ուզե՞ ն այդ գործը ընել։ «Մելգոնեանի պատմութեան մէջ ձեր անունը կը մնայ որպէս հերոսներ, տարիներով տղաքը ձեր մասին պիտի խօսին եւ օրհնեն ձեզ»։ Շատ խանդավառուեցան, աւելի «չորս ժամ»ով՝ քան թէ պատմութեան մէջ հերոսանալով։
Գիտէի որ քանի մը վայրկեանէն այս տղաքը մէկիկ-մէկիկ քովս պիտի գային իրենց «լաւագոյն ընկեր»ներով եւ առաջարկէին, որ իրենց ընկերներն ալ մաս կազմէին այդ խումբին։ Այդպէս ալ եղաւ։ «Ե՞րբ չորս ժամի պիտի երթանք Պարոն» հարցուցին տղաքը։ «Անմիջապէս որ գործը վերջանայ, այդ Կիրակին կ՚երթաք» ըսի։
Յաջորդ օրն իսկ, տղաքը կէսօրուան ճաշի դադարին, ժամը 3։30-5։00, Չորեքշաբթի եւ Շաբաթ կէսօրէ վերջերը եւ առաջին Կիրակին սկսան ծանր աշխատանքի։ Կիրով գիծը քաշած էինք, եւ այդ գիծին վրայէն տղաքը կէս ոտք խորութեամբ եւ կէս ոտք լայնքով պիտի փորէին, ջրամբարէն մինչեւ մանչերու շէնքին ետեւը, աղջկանց առջեւի պուրակին մէջէն անցնելով։ Արհեստավարժ փորողներու համար նուազագոյն մէկ ամիս տեւելիք գործը այս տասը տղաքը երկու շաբաթէն վերջացուցին եւ առաջին իսկ առիթով իրենց «չորս ժամ»ուան արտօնութիւնը տուի։ Եւ քանի որ գետինը շատ կարծր էր եւ տղաքը շատ յոգնեցան, իրենց երկրորդ արտօնութիւն մըն ալ տուի՝ քէպապի երթալու։
Տղաքը շատ ուրախացան, բայց պաշտօնակից մը տնօրէնուհիին բողոքած է, որ ես «օրէնքին դէմ» աշխատած եմ եւ այս տղոց, առանց տնօրէնութեան գիտակցութեան քաղաքի եւ քէպապի արտօնութիւն տուած եմ … տնօրէնուհի Տիկ. Պետիկեանը կանչեց զիս եւ բացատրութիւն պահանջեց։ Բացատրեցի եւ հարցուցի որ ո՞վ իրեն այս լուրը բերած է։ Պզտիկ դաս մը պիտի տայի անոր, բայց տնօրէնուհին «պէտք չկայ» ըսաւ։ Անշուշտ գիտէի ո՛վ էր այդ անձը, եւ որուն հաշիւը տղոց հետ տարբեր ձեւով մաքրեցինք։
Տղաքը յետայնու կրնային ամէն օր լոգանք առնել եւ ջուրը առատօրէն գործածել։
( ) ( ) ( ) ( )
Պարտադիր լոգանք
Երբ 11-րդ դասարան էինք, 8-րդ դասարանը տղայ մը եկաւ, որ լոգանք առնել չէր ուզեր։ Այս տղան ճերմակեղէններն ալ չէր փոխեր, ոչ ալ սաւանները։ Ննջարանին մէջ իր անկողինին շուրջը արդէն կենալը անկարելի սկսաւ դառնալ։ Շատ փորձեցինք համոզել զինք, որ լոգանք առնէ, ճերմակեղէններն ու սաւանները փոխէ, անօգուտ։ Դիմեցինք հերթապահին։ Հերթապահը, Պրն. Միհրան Ճիզմէճեանն էր, շատ ազնիւ, հանդարտ, ընկերային եւ բարի մարդ մը։ Ճիզմէճեանը այս տղուն խօսեցաւ, խրատեց, բայց անօգուտ։ Մեր սպառնալիքներն ալ օգուտ չունեցան։ Կը մնար «աշակերտական միջոցներով» զինք լոգցնել։
Օդերը սկսած էին պաղիլ։ Գիշեր մը, ժամը 12։00-ի մօտերը, երբ ինք արդէն քնացած էր, 5-6 տղոցմով անակնկալօրէն յարձակեցանք վրան եւ ձեռքերէն եւ ոտքերէն բռնելով, քաշքշելով զինք բաղնիք տարինք եւ իր պոռչըտուքներուն կարեւորութիւն չտալով, պաղ ջուրը բացինք եւ զինք նետեցինք գետին։ Կարծեմ ոտքը, մէջքն ու քիչ մըն ալ գլուխը վիրաւորուելով ցաւեցան՝ գետին եւ պատերուն զարնուելով։ «Գլուխդ երեք անգամ շամփու կ՚ընես, մարմինդ ալ երեք անգամ կ՚օճառես եւ վերջը միայն դուրս կ՚ելլես» ըսինք։ Մինչ այդ, ուրիշ տղաք իր անկողինին մէջ պաղ ջուր թափելով թռչեցին անկողինն ու վերմակը որպէսզի այդ գիշեր չկարենայ քնանալ, ինչպէս որ իր հոտերը արգելք կ՚ըլլային շուրջիններուն քնանալու։ Երբ բաղնիքէն դուրս ելաւ, ազդարարերեցինք իրեն որ ննջարան չգայ, այլապէս քանի մը ոսկոր կոտրելէն ետք, քիթն ու բերանն ալ պիտի արիւնենք։ Հաստ անձեռոց մը եւ իր վերմակը տուինք եւ ըսինք որ ճեմիշին (զուգարան) կողմը պիտի մնայ ամբողջ գիշերը։ Այդպէս ալ եղաւ։
Յաջորդ առտու ազդարարեցինք, որ չհամարձակի հերթապահին կամ տնօրէնին բողոքել, ապա թէ ոչ «մայրդ կը լացնենք»։ Նաեւ պայման դրինք, որ շաբաթը նուազագոյնը երկու անգամ պիտի լոգնայ, ճերմակեղէնները փոխէ, եւ սաւաններն ալ իրենց ատենին փոխէ։ «Եթէ մեր ըսածը չընես, ամէն շաբաթ մենք քեզ պաղ ջուրին տակ պիտի նետենք եւ այդ գիշերն ալ ճեմիշին մէջ պիտի պառկիս» ըսինք։
Աշակերտներուս «դաստիարակչական մեթոտ»ները իրենց դրական արդիւնքը ունեցան …