Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

Վանայ Լիճ նետուած խաչքարները կը յառնին

Վանի եւ Պիթլիսի Թաթուան գաւառին միջեւ նաւային գիծի հաստատման համար՝ նաւահանգիստներու կառուցման աշխատանքներու ընթացքին Վանայ լիճի յատակէն խաչքարներ յայտնաբերուած են, կը յայտնէ «Նոր Յառաջ»-ը:

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, թէ «Վանի լճափի մաքրութեան ընթացքին հետաքրքրական քարեր յայտնաբերուած են։ Լիճին յատակը մաքրող ընկերութիւնը ցայսօր ջուրէն դուրս հանած է վրան խաչի զարդով քար մը, հատ մըն ալ վրան խաչի ձեւով ծակեր ունեցող մեծ քար, երկու հատ քարակերտ գունտ եւ փայտի կտորներ։

…Ընկերութեան տնօրէնը ըսաւ, որ «եղելութեան մասին տեղեկացուցինք թանգարանի պատասխանատուներուն, բայց առ այժմ ոչ ոք եկաւ։ Կը կարծեմ, թէ լիճին յատակին ասոնց նման քարեր կան»։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին