Երեւանի հիւսիսային պողոտային վրայ Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառը իր դռները պիտի բանայ Դեկտեմբեր 6-ին: Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառը կը կազմակերպուի քաղաքապետարան-մասնաւոր հատուած համագործակցութեան ծիրէն ներս: Ինչպէս «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Սուրբ ծննդեան տօնավաճառի կազմակերպիչ Փիէռ Պաղտատեանը, այցելուները կրնան սոյն վայրին մէջ գտնել Ամանորին եւ Սուրբ Ծննդեան օրուան նուիրուած բազմաթիւ իրեր, Մասնաւորապէս՝ յուշանուէրներ, տօնական զարդարանք, ձեռագործ աշխատանքներ: Պիտի ըլլան քաղցրաւենիքի լայն տեսականի` հրուշակեղէն, տուրմ, տարբեր միրգերէ պատրաստուած անուշահամ չիրեր, գինի… եւայլն: Պիտի վաճառուին նաեւ գիրքեր, բացիկներ ու այլ գրենական պիտոյքներ: Այս ամէնը այցելուներուն պիտի ներկայացուին հիւսիսային պողոտայի վրայ տեղակայուած իւրօրինակ տօնական տնակներու մէջ, որոնք հանդէս պիտի գան իբրեւ տաղաւարներ:
«Տարիէ տարի կ’աւելնան տաղաւարներուն թիւը: Տարբեր ընկերութիւններու, առանձին անհատներու հետաքրքրութիւնը ամէն տարի կը մեծնայ: Այս անգամ շուրջ 40 տաղաւարտնակ պիտի ըլլայ: Ի դէպ, տաղաւարտնակներ պիտի տեղադրենք նաեւ օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի շէնքի բակին մէջ: Այս տարի պիտի մասնակցին նաեւ Գիւմրիէն, պիտի ներկայացուի ձկնեղէն»,- ըսած է Փիէռ Պաղտատեան:
Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառ կազմակերպելու գաղափարը յառաջացաւ տարիներ առաջ, երբ ծնունդով Լիբանանէն, Ֆրանսա բնակող Փիէռ Պաղտատեանը ամանորեայ տօներուն եկաւ Հայաստան: Այդ ժամանակ Հայաստանի մէջ Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառ կազմակերպելու մշակոյթ չկար, մինչ եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ ատիկա տօնական ձեռնարկներու անբաժանելի մասն է: