Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան աշխարհատարած անդամութեան համար անկասկած որ 2016 թուականը հանդիսացաւ յատկանշական, որովհետեւ ան զուգադիպեցաւ Միութեանս հիմնադրութեան 110-ամեակին եւ այս առիթով ալ ցամաքամասերու վրայ, ուր որ կայ հայկական գաղութ եւ ուր որ կայ Միութենական մասնաճիւղ արժանավայել կերպով յիշատակեց ազգանուէր միութեան հիմնադրութեան 110 –ամեակը:
Արդարեւ, հայահոծ Լիբանանի մէջ եւս, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովը եւ անոր հովանիին տակ գործող Հայ երիտասարդաց Ընկերակցութիւնն ու բոլոր ենթակառոյցները, ըլլան անոնք մշակութային, մարզական, սկաուտական կամ այլ, կազմակերպեցին յաւուր պատշաճի միջոցառումներ, մարդոց ու անդամութեանց յիշողութեան մէջ վառ պահելու համար յիշատակը Մեծ Միութեան հիմնադրութեան, որ սկիզբ առած էր հեռաւոր Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ, 1906 թուականի Ապրիլի 15-ին, նախագահութեամբ Մեծ հայ՝ Պօղոս Նուպար Փաշայի եւ իրենց ազգին ճակատագրով մտահոգ խումբ մը հայրենասէր ազգայիններու:
Ծրագրուած ու նախատեսուած ձեռնարկներուն մէջ բացառիկն էր արդարեւ Շաբաթ, 12 նոյեմբեր, 2016 թուականի երեկոյեան Միութեան Տեմիրճեան Կեդրոնի մէջ կայացած Կալա ընթրիքը, հրաւիրեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ: Արդարեւ, երեկոյեան ժամը 8։30-էն սկսեալ, հրաւիրեալներ խումբ-խումբ կը հասնէին ժամադրավայր, ուր կը դիմաւորուէին Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամներուն զուարթ ժպիտներով ու կը հաւաքուէին Բ. յարկի թէրասը, ուր արուեստագիտուհի Լիւսի Ջամսարեանի ջութակին հայկական առինքնող մեղեդիներուն ներքոյ՝ անոնք կը զրուցէին իրարու հետ մտերմաբար եւ կը շնորհաւորէին Միութեան բախտաբեր տարեդարձը:
Հրաւիրեալներուն միջեւ տիրեց ընդհանուր գոհունակութիւն, երբ իսկապէս հաճելի անակնկալ եղաւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան «Արին» պարախումբի փունջ մը անդամ-անդամուհիներուն հրամցուցած հայաբոյր ելոյթը, (Երաժշտութիւն՝ Խաչատուր Աւետիսեան, պարուսոյց՝ Գայիանէ Մածունեան), որ աւելի խանդավառեց ու գունաւորեց տպաւորիչ երեկոն:
Վայրկեաններ անց, երբ արդէն հասեր էին բոլոր հրաւիրեալները, ներկաներ ուղղուեցան իրենց սեղանները, որոնք կը կրէին հայ գաղութներու անուններ, ուր կը գործէին Միութեան բազմաթիւ մասնաճիւղեր եւ մասնաժողովներ, սկսելով Միութեան առաջին հիմնադրութեան վայր՝ Եգիպտոսէն, շարունակուելու համար մինչեւ հեռաւոր Աւստրալիա կամ Չինաստան, անցնելով Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Պուլկարիայէն, Միացեալ Նահանգներէն ու հասնելու մինչեւ Հայաստան: Իսկ երեկոյի ամբողջ տեւողութեան, սրահի մէջ զետեղուած զոյգ պաստառներուն վրայ կը ցուցադրուէին Միութեան հիմնադրութեան թուականէն մինչեւ մեր օրերը հասնող եւ Միութեան կեանքը պատկերող յիշատակներ:
Պէտք է ուրախութեամբ արձանագրել, որ կազմակերպիչները ջանք չէին խնայած, որպէսզի երեկոն ընթանար անթերի եւ կատարեալ ընթանալու համար: Այս ուղղութեամբ ալ անոնք կը վազվզէին ժրաջան մեղուներու նման: Իսկ բարձրորակ ու բարձրաճաշակ երաժշտութիւնը պահը կը դարձնէր առաւել խորհրդաւոր ու երփներանգ:
Կազմակերպուած երեկոն առաջին րոպէէն պէտք է յիշատակենք, որ սկսաւ մեծ ոգեւորութեամբ: Շրջանակային յանձնաժողովի Կալա ընթրիքը պատուելու համար մասնաւորաբար Նիւ Եորքէն ժամանած էր ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի նախագահ Մեթր Պերճ Սեդրակեանը: Անոր ներկայութիւնը տարբեր շուք ու պատկառանք կու տար ներկաներուն ու հանդիսաւոր երեկոյին: Անշուշտ, ներկայ էին պետական հին ու նոր երեսփոխաններ ու նախարարներ՝ Տէր եւ տիկին Արթիւր Նազարեան, Տէր եւ տիկին Վրէժ Սապունճեան, Տէր եւ տիկին Ժան Օղասապեան, Տէր եւ տիկին Յակոբ Գասարճեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Տէր եւ տիկին Սամուէլ Մկրտչեան, բարերարներ՝ Տէր եւ տիկին Սարգիս Տեմիրճեան, Տիար Աւետիս Տեմիրճեան, Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Տիար Ժէրար Թիւֆէնքճեան եւ տիկինը, վարչական պատասխանատուներ եւ օտար հիւրեր:
Տեմիրճեան Կեդրոնի հանդիսութիւններու շքեղ սրահը, այդ երեկոյ, դարձած էր աւելի գեղեցիկ: Եւ արդարեւ, մինչ կը շարունակուէին գաղջ զրոյցները, բարի գալուստի յատուկ խօսքով հանդէս եկաւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի վարիչ տնօրէն Տիկին Անիթա Լիպիարը: Ան ուրախութեամբ ողջունեց ներկաները, բարի գալուստ մաղթեց բոլորին ու կարեւորեց ՀԲԸ Միութեան հիմնադրութիւնն ու առաքելութիւնը եւ երեկոյին զգեցած կարեւորութիւնը, յաւելելով միաժամանակ Միութեան ենթակառոյցներուն շարունակուող նախաձեռնութիւնները, որոնք ընթացք տուած էին ամբողջ աշխարհով մէկ փառաւորելու անոր պանծալի 110–ամեակը: Ան մասնաւորաբար կարեւորեց Լիբանանէն ներս կատարուող յիշատակումները, որոնք դարձած էին տօնական հանդէսներ՝ ՀԲԸՄ-ի 110 եւ ՀԵԸ-ի 85-ամեակներուն առիթով:
Տիկին Լիպիար այս առթիւ ողջունեց մասնաւորաբար Միութեանս նախագահ՝ մեթր Պերճ Սեդրակեանի եւ Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Տիար Ժէրար Թիւֆէնքճեանի ներկայութիւնը եւ իր խօսքէն ետք անմիջապէս հրաւիրեց Շրջանակային Յանձնաժողովի փոխ ատենապետ Տիկին Սիլվա Լիպարիտեանը, որպէսզի յաւուր պատշաճի տայ իր գնահատականը՝ Միութեանս Լիբանանեան հայրենիքէ ներս ընդհանրապէս եւ գաղութէս ներս մասնաւորապէս ունեցած անցեալի ու այսօրուան դերին, տեղին ու իրագործած ու իրագործելի հեռանկարներուն ու ծրագիրներուն մասին:
Ուշագրաւ, ողջմիտ, առողջ ու իմաստուն տուեալներու վրայ յենած, Տիկին Լիպարիտեան ամբողջական վերլուծութիւն մը կատարեց ՀԲԸՄ-ի ունեցած ազգային հարուստ անցեալին վրայ, մատնանշելով անոր բազում ծառայութիւնները թէ՛ Լիբանանեան հայրենիքին եւ թէ՛ լիբանանահայ գաղութին ու հասարակութեան, որակելով կատարուածը պատուաբեր ու հպարտացնող: Ան մէկ առ մէկ թուեց ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին ու անոր ենթակառոյցներուն խաղցած դերը մեր իրականութեան մէջ, թուարկելով Միութեան Բարեսիրական, Կրթական, Մշակութային, Երիտասարդական, Մարզական, Սկաուտական բնագաւառներէ ներս ունեցած գործունէութիւնները: Տիկին Լիպարիտեան մատնանշեց Միութեան տարիներու վրայ ծաւալուն ազգօգուտ իրագործումները՝ իր հովանին վայելող Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան զուգորդութեամբ ու գործակցութեամբ:
Ան խանդավառութեամբ մատնացոյց ըրաւ նաեւ գաղութէս ներս իր դարմանատուներուն միջոցաւ մէկդարեայ Միութեան իրագործած բարեսիրական ծառայութիւնները իր, Կրթական առաքելութիւնը իր երեք վարժարաններուն (Դարուհի-Յովակիմեան, Լեւոն Նազարեան ու Պօղոս Կարմիրեան, ուր Շրջանակային Յանձնաժողովին հովանաւորութեան տակ Միութեանս Կրթական Յանձնախումը կ’ընէ իր ամենակարելին, արդիական միջոցներով օժտելու համար մեր վարժարանները), Մշակութային մարզէ ներս արձանագրած իրագործումները՝ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին եւ «Արին» պարախումբին իրարայաջորդ արձանագրած յաջողութիւններով:
Երիտասարդական բնագաւառի ծիրէն ներս ան շեշտեց Միութեան Երիտասարդական Կեդրոններու մէջ կատարուող մարզական ու սկաուտական ոլորտներու ունեցած գործունէութեանց ծաւալը, Տէմիրճեան Կեդրոնէ ներս իրագործուող մարզական զանազան շարժումները, որոնք իրագործուեցան քսան տարիներու ընթացքին, եւ նամանաւանդ հայապահպանման իմաստով Շաբաթօրեայ հայերէն լեզուի դասաւանդման նախաձեռնութիւնը եւ նաեւ Ամառնային Ճամբարները: Եւ վերջապէս, ան գնահատեց այս բոլորին արձագանգ հանդիսացող եւ Միութեան խօսքը գաղութներ հասցնող «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի 60-ամեայ ճանապարհը:
Տիկին Լիպարիտեանի խօսքի աւարտին, լիբանանահայ աշխարհահռչակ արուեստագէտ Ռաֆի Թոքաթլեանի կողմէ պատրաստուած արուեստի բացառիկ գործ մը, Միութեանս Շրջանակային Յանձնաժողովին կողմէ իբրեւ գնահատանքի յուշանուէր յանձնուեցաւ Պարոն Ժերար Թիւֆէնքճեանին:
Շատ բնականաբար, ներկաները այս առիթով անհամբեր կը սպասէին լսել ՀԲԸՄ-ի նախագահին օրուայ խորհուրդին հետ առնչուած պատգամը, որ չուշացաւ: Մեթր Պերճ Սեդրակեան բոլորին հաճելի ու հասկնալի ոճով գնահատականը տուաւ Միութեան անցած ճանապարհին, վերջերս Նիւ Եորքի մէջ գումարուած Միութեան 89-րդ համագումարին, անկէ բխած գաղափարներուն եւ Միութեան ապագայ ծրագիրներուն մասին: Հետաքրքրական ու ուրախացնող էին նախագահին ոգեւորող խօսքերը, որոնք կը վերաբերէին Միութեան ազգօգուտ ու ազգաշէն առաքելութեան: Այլ խօսքով, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը, անոր անդամութիւնը, աշխարհատարած Մասնաժողովներն ու Մասնաճիւղերը ընթացք պիտի տային նոր ռազմավարութեան, խթանելու համար հայապահպանումը, նամանաւանդ գաղութներու մէջ սկսած տեղաշարժներէն ետք, երբ բոլորիս կամքէն անկախ տեղի կ’ունենար արտագաղթ… տեսակ մը տերեւաթափ, որ վտանգաւոր էր ազգային իմաստով՝ ապագայի հաշւոյն:
Յարգելի նախագահը մեծապէս կարեւորեց այս շրջանին հայրենիքի եւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ դերը, որպէսզի նոր ծրագիրներով, գործնական ու իրատես քաղաքականութեամբ մօտենային ազգահաւաքման առաքելութեան, առաջարկելով միասնական աշխատանք, որպէսզի չդատարկուին գաղութներ ու սփիւռքահայը չի մնայ անտէր ու անտիրական: Շարունակելով իր մտահոգութիւնները, յարգելի նախագահը մատնացոյց ըրաւ իր արմատներէն հեռացող հայորդիներու պարագան, որոնք, որոշ հանգամանքներու բերումով կ’անտեսեն Միութիւն, Ազգ ու Եկեղեցի, եւ կը յանձնուին օտար քամիներու:
Իր խօսքին մէջ, մեթր Սեդրակեան անգամի մը համար եւս դրուատեց Բարեգործականի կատարած աշխատանքը, նամանաւանդ լեզուապահպանման շրջագիծէն ներս, կարեւորելով Հայկական Վիրթուալ Քոլէճի ազգանուէր ծառայութիւնը եւ փափաք յայտնեց, որ Հայրենիք, Եկեղեցի եւ Սփիւռքեան կառոյցներ կատարեն հաւաքական աշխատանք, առընչուին իրարու հետ եւ զարկ տան ազգային միասնական գաղափարախօսութեան, դէմ դնելու համար ամէն տեսակի ուծացման:
Իր խօսքի աւարտին, մեթր Սեդրակեան ուրախութեամբ յայտարարեց, թէ «Ամենայն Հայոց կաթողիկոս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. գնահատելով լիբանանահայ ազգային, Միութեանս Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ պարոն Ժէրար Թիւֆէնքճեանի տարած ազգային – միութենական անկեղծ ու օգտաշատ ծառայութիւնը ՀԲԸ Միութենէ ներս, զայն պարգեւատրած է Ս. Ներսէս Շնորհալի շքանշանով եւ ուրեմն՝ Սրբատառ Կոնդակով: Այս ուղղութեամբ ալ, Սուրբ Էջմիածինէն մասնաւորաբար ժամանած էր Էջմիածինի լուսարարապետ Տէր Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեանը, որպէսզի ընթերցէ Հայրապետական Գիրը եւ յանձնէ շքանշանը:
Ան շարունակելով իր խօսքը, աւելցուց նաեւ որ «Հայրենի պետութիւնը եւս կը ձայնակցի այս մեծարանքին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Տիկին Հրանուշ Յակոբեան իր կարգին գնահատելով պարոն Ժերար Թիւֆէնքճեանի տարած նուիրական աշխատանքը եւ ծառայութիւնը Միութեան ու ազգին հանդէպ, «Պօղոս Նուպար» մետալով կը պատուէ զայն:
Պահը խրախուսող էր… առաւել խորհրդաւոր: Բեմի վրայ էին Միութեանս նախագահը, Գերաշնորհ՝ Տէր Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեանը, Տէր եւ տիկին Ժերար եւ Փասքալ Թիւֆէնքճեանները: Ներկաներ յոտնկայս անհամբեր կը սպասէին լսել Վեհափառ Տիրոջ օրհնաբեր խօսքը, զոր ընթերցեց Յովնան սրբազանը: Սրբատառ Կոնդակի ընթերցման աւարտին, ծափերու տարափի տակ Սրբազան հայրը յանձնեց Կոնդակը Պարոն Ժերար Թիւֆէնքճեանին եւ անոր լամբակին զետեղեց առաքուած շքանշանը: Նոյն պահուն, գնահատանքի շքանշան յանձնուեցաւ նաեւ Տիկին Փասքալ Թիւֆէնքճեանին:
Աւելի ուշ, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան պարոն Սամուէլ Մկրտչեան, իր հերթին գնահատելէ ետք ՀԲԸ Միութեան անցեալի եւ ներկայի բազմաբեղուն ծառայութիւնները, որոնք շարունակուած էին դար մը լման, ընթերցեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Տիկին Հրանուշ Յակոբեանի պաշտօնական գնահատագիրը եւ իր կարգին պարոն Թիւֆէնքճեանին յանձնեց առաքուած մետալը, դարձեալ ծափերու տակ:
Շքանշաններու տուչութենէն ետք, նախագահ մեթր Պերճ Սեդրակեան, յայտարարեց, ըսելով. «Միութեանս Կեդրոնական Վարչութիւնը, իր հերթին մեծապէս գնահատելով պարոն Ժերար Թիւֆէնքճեանի տարիներու վրայ կատարած ազգօգուտ ու միութենանուէր առաքելութիւնը, զինք կը կոչէր ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ԱՆԴԱՄ, յոյս յայտնելով, որ տրուած պատիւներէն ետք Պարոն Թիւֆէնքճեան նոյն թափով պիտի շարունակէր պաշտօնավարել յառաջիկայ տարիներուն եւս, պանծացնելու համար իր սիրած ու գուրգուրած միութիւնը»:
Անկրկնելի, արտասովոր ու բացառիկ էր ապրուած պահը: Շնորհաւորութիւն, գրկախառնում ու ժպիտներ կը փթթէին սրահէն ներս: Ամենայն Հայոց Վեհափառը եւ Հայրենի պատասխանատուներ արժանաւորապէս կը գնահատէին ՄԱՐԴ ՄԸ, ՀԱՅ ՄԸ, ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՄԸ եւ ՂԵԿԱՎԱՐ ՄԸ, որ շնորհիւ իր անկեղծ վերաբերմունքին, մարդասիրութեան, առաքինի նկարագրին ու առատաձեռնութեան, սիրուած ու յարգուած էր բոլորէն եւ ահա՛ այսօր, ան կը պարգեւատրուէր բարձր պատիւներով, արժանաւորապէս:
Ուրախութեան վայրկեանները նաեւ պտղաւորուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններով, զորս ուրախ տրամադրութիւններու մէջ կը յայտարարէր Տիկին Անիթա Լիպիար, միաժամանակ յայտնելով բարձր տրամադրութիւն: Կալա ընթրիքի նպատակը բարի էր ու նպատակին ծառայող: Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամները կը միտէին Միութեան երեք վարժարանները բարելաւել աւելի ու աւելի, արդիականացնել զանոնք եւ հասցնել առաւել բարձր մակարդակի եւ նպաստել անոնց նիւթական կարիքներուն:
Երեկոյեան պաշտօնական բաժնի աւարտին, երբ տեղի կ’ունենար օրուան կարկանդակի հատում, որուն կը մասնակցէին Միութեանս նախագահը, պարգեւատրեալը եւ բարերարներ, ակամայ կը մտածէի, թէ իրապէս որքա՜ն պիտի հրճուէին հոգիները մեր Միութեան հիմնադիրներուն ու նախագահներուն ի տես այս գեղեցիկ երեւոյթին, ուր միասնական կամքով, ղեկավարութիւն ու անդամութիւն սատար կը հանդիսանային ազգին, եկեղեցիին ու հայրենիքին՝ հաւատալով այն կարեւոր կարգախօսին, որ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ Է..: Այսպէս եղած էր 110 տարի շարունակ ու այսպէս ալ պիտի շարունակուի եւ Միութեան տօնական շքերթը կանգ պիտի չառնէ երբեք ու երբեք..:
Հ. Մ.