Ուրբաթ, 27. 06. 2025

spot_img

Հիւսիսային Պողոտայի Մէջ Սուրբ Ծննդեան Տօնավաճառը Պիտի Բացուի Դեկտեմբեր 6-ին

Երեւանի հիւսիսային պողոտային վրայ Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառը իր դռները պիտի բանայ Դեկտեմբեր 6-­ին: Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառը կը կազմակերպուի քաղաքապետարան-­մասնաւոր հատուած համագործակցութեան ծիրէն ներս: Ինչպէս «Արմենփրես»-­ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Սուրբ ծննդեան տօնավաճառի կազմակերպիչ Փիէռ Պաղտատեանը, այցելուները կրնան սոյն վայրին մէջ գտնել Ամանորին եւ Սուրբ Ծննդեան օրուան նուիրուած բազմաթիւ իրեր, Մասնաւորապէս՝ յուշանուէրներ, տօնական զարդարանք, ձեռագործ աշխատանքներ: Պիտի ըլլան քաղցրաւենիքի լայն տեսականի` հրուշակեղէն, տուրմ, տարբեր միրգերէ պատրաստուած անուշահամ չիրեր, գինի… եւայլն: Պիտի վաճառուին նաեւ գիրքեր, բացիկներ ու այլ գրենական պիտոյքներ: Այս ամէնը այցելուներուն պիտի ներկայացուին հիւսիսային պողոտայի վրայ տեղակայուած իւրօրինակ տօնական տնակներու մէջ, որոնք հանդէս պիտի գան իբրեւ տաղաւարներ:

«Տարիէ տարի կ’աւելնան տաղաւարներուն թիւը: Տարբեր ընկերութիւններու, առանձին անհատներու հետաքրքրութիւնը ամէն տարի կը մեծնայ: Այս անգամ շուրջ 40 տաղաւար­տնակ պիտի ըլլայ: Ի դէպ, տաղաւար­տնակներ պիտի տեղադրենք նաեւ օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի շէնքի բակին մէջ: Այս տարի պիտի մասնակցին նաեւ Գիւմրիէն, պիտի ներկայացուի ձկնեղէն»,- ըսած է­ Փիէռ Պաղտատեան:

Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառ կազմակերպելու գաղափարը յառաջացաւ տարիներ առաջ, երբ ծնունդով Լիբանանէն, Ֆրանսա բնակող Փիէռ Պաղտատեանը ամանորեայ տօներուն եկաւ Հայաստան: Այդ ժամանակ Հայաստանի մէջ Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառ կազմակերպելու մշակոյթ չկար, մինչ եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ ատիկա տօնական ձեռնարկներու անբաժանելի մասն է:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին