Ուրբաթ, 27. 06. 2025

spot_img

Երեւանի ՄԷջ Տեղի Կ’ունենայ Պէյրութահայ Նկարչուհի Սեւան Նագաշեանին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ

Նոյեմբեր 27-ին The Club-ին մէջ տեղի պիտի ունենայ յուշ-երեկոյ` նուիրուած պէյրութահայ նկարչուհի, շարժանկարիչ Սեւան Նագաշեանին ծննդեան տարեդարձին: Ըստ «Հայերն այսօր»-ին, երեկոյի ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան ` Ռուբէն Հախվէրտեան, Վահան Արծրունին, Էդուարդ Զօրիկեան, Վախթանգ Յարութիւնեան, Կարէն Մամիկոնեան, Լուսինէ Ազարեան եւ ուրիշներ:

Համերգի հասոյթը պիտի տրամադրուի Սեւանի անկատար մնացած ծրագիրներէն մէկը կեանքի կոչելուն. Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Վազաշէն գիւղի դպրոցին մէջ պիտի կահաւորուի գեղարուեստի սենեակ, որ պիտի կրէ տաղանդաշատ նկարչուհի Սեւան Նագաշեանի անունը:

Սեւան Նագաշեան մահացած է Հոկտեմբեր 13-ին` 48 տարեկան հասակին:

Ան կը սերի միջնադարեան բանաստեղծ, նկարիչ, աշուղ Նաղաշ Հովնաթանի տոհմէն: Դուստրն է ՌԱԿ-ի ղեկավար ընկեր Հայկ Նագգաշեանին: Ուսանած է Երեւանի թատերական ուսումնարանին մէջ, ուր եւ բնակութիւն  հաստատած է:  Ունեցած է նկարչական ցուցահանդէսներ Գանատայի, Անգլիոյ, Հոլանտայի, Գերմանիոյ մէջ: Նկարները կը գտնուին տարբեր երկիրներու մասնաւոր ու պետական հաւաքածոներու մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին