Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Զօրակցութեան Եւ Համատեղ Պայքարի Հրաւէրի Պատմական Հանդիպում Պրիւքսէյլի H.D.P-ի Europe- Գրասենեակին Մէջ

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Իբրեւ զօրակցութիւն եւ պահանջելով ազատութիւն հայամետ ու քրտամետ «ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան» Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած խորհրդարաններու քրտական բռնատիրական վարչակարգին կողմէ՝ 17 Նոյեմբերի առաւօտեան, յիշատակելի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ HDP-Europe-ի (կուսակցութեան Եւրոպայի ներկայացչութեան) Պրիւքսէյլի գրասենեակին մէջ, Մայր հայրենիքէն, Աւստրալիայէն, Ֆրանսայէն ու Լիբանանէն ժամանած «Արեւմտահայոց Ազգային Համագումար»ի ղեկավար անդամներու մասնակցութեամբ: Գրասենեակի համակարգող տնօրէն Եասին Սունճա, նոյն օրը առաւօտեան սկսելիք հսկայական բողոքի ցոյցէն ժամ մը առաջ միայն կազմակերպած էր այս զօրակցութեան մէկ ժամեայ նոր հանդիպումը: HDP-ի կողմէ կը մասնակցէին նաեւ, Շըրնաք (Սասուն)-ի թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ, (մեծ մօր կողմէ հայ) ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Անանի երբեմնի տեղակալ Սուրէն Սերայտարեան, գլխաւոր քարտուղար Սեւակ Արծրունի, ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Արագած Ախոյեան եւ ԱԱՀ-ի փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու միջեւ կապի համկարգող՝ այս տողերը գրողս: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ համատեղ պայքարը՝ բազմազգ Թուրքիոյ մէջ կարելի եղած բոլոր միջոցներով շարունակելու  եւ համատեղ հայրենիքի ստեղծմամբ ժողովրդավարական կարգեր հաստատել, որպէսզի դարեր շարունակ իրարու քով ապրող հայեր, քիւրտեր, զազաներ, ասորիներ, քըզըլպաշներ, համշէնահայեր կարողանան ի վերջոյ համերաշխ ապագայ մը կերտել, տիրանալով իրենց արդար իրաւունքներուն, որոնց պայծառ օրինակներ էին Հրանդ Տինքն ու Կարօ Փայլանը, այժմ ձերբակալուած HDP-ի համանախագահ Սալահէտտին Տէմիրթաշը, Թուրքիոյ յառաջդիմական բազմաթիւ գործիչներ, մտաւորականներ, որոնք Աթաթուրքէն մինչեւ Էրտողան բազմապիսի արիւնարբու վարչակարգերու զոհեր եղած են: Որոշուեցաւ նաեւ յառաջիկայ տարի, պատմական խորհրդաժողով մը կազմակերպել՝ փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու նեկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Նոյն օրը երեկոյեան, ԱԱՀ-ի պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Արցախի զբօսաշրջիկութեան զարգացման ցուցահանդէսին, հրաւէրով Պրիւքսէյլի հայութեան շարժիչ ուժերէն՝ Տիկ. Էրինա Մանուկեանի: Երեկոյեան կարելի եղաւ ուղղակիօրէն շփուիլ Պելճիքայի հայ թէ օտար քաղաքական, ազգային, դիւանագիտական եւ խորհրդանական ընտրանիին հետ:

Մինչ այդ Թուրքիոյ բոլոր ժողովրդավարական ուժերու միացեալ ցոյցը բարեյաջող անցաւ, հակառակ ֆաշիստական Էրտողանեան սանձարձակ տարրերու միջամտութեանց, որոնք նոյն գիշերը, վառած շիշեր նետեցին Պրիւքսէյլի քրտական հետազօտութեան կեդրոնին վրայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին