*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
Ինչ որ մարդկային է կարելի չէ զատորոշել` ո՛չ ազգութիւն, ո՛չ կրօն, ո՛չ ալ փոլիսոփայութիւն, քանի որ համատարած է ինչ որ բնազդային է, ինչպէս` գոյամարտը, անբաւարարութեան զգացումը, ունենալու, աւելի՛ ունենալու ապահովութեան երաշխիքը, հուսկ՝ գերակայութեան զգացումը նուազ ունեցողէն:
Անձնապէս կը հաւատամ նուիրատուութիւններու, որոնք տեղ պիտի հասնին անտարակոյս, բայց ո՛չ ամբողջովին եւ նոյնիսկ ՝ ժամանակի՛ն… անպայման մաս մը պիտի հալի, տոկոս մը, թէ ո՛րքան, այլեւս կարելի չէ ենթադրել հեռուէ հեռու…(դուք հասկցէք նոյնիսկ գրպանէ գրպան) բայց անպայման պիտի նիհարնայ: Այլեւս պէտք է զայն մարդկային հիւանդութեան չվերագրել, եւ տալ կարելին:
Կ’ըսեն. «մեղր բռնողը մատները կը լիզէ», աղէկ, թող լիզէ, իր «իրաւունքն» է, բայց ոչ թէ փեթակը սեփականացնէ: Գալիտաս բանաստեղծը, խօսքը ուղղելով պետութեան, գրած է. «Մինչեւ ե՞րբ այս կովը պիտի կթես…» իսկ Շէյքսպիր իր հնչեակներէն մէկը՝ թիւ 48, կ’աւարտէ այսպէս.-
«Քանզի ոսկին կախարդիչ եւ ադամանդ ու մանեակ,
Նոյնիսկ ազնիւ պարկեշտին դարձնում են աւազակ:»
Եւ դեռ բազմաթիւ օրինակներ կարելի է թուել հեռուէն ու մօտէն: Այս է կեանքի իրականութիւնը, եւ սակայն, ահա, այս սակայնին մէջ կը տարբերի մարդ մարդէ, որ իր բանականութեան ու խառնուածքի ուժգնութեամբ կ’ունենայ հայեացք եւ կեցուածք: Թէեւ կեցուածքը բան մը կ’աւելցնէ հայեացքին վրայ, սակայն տակաւին կը մնայ անբաւարար, եթէ անոր չընկերանայ քալուածքը, որով պիտի իրագործուի նպատակը, առաջադրանքը, ինչ որ է խնդրոյ առարկայ նիւթը, առիթը, այլապէս խնդիրը կը մնայ երազային, թէեւ այդ ալ իր հոգեկան օգուտը ունի, սակայն մարդ մարմին ալ ունենալուն՝ անհրաժեշտութիւն է քալուածքը:
Այսքանը…«ներածական» եղաւ գրելիք «հեռագիրիս»…
Եօթհարիւրամեայ անհայրենիք հայութեան մէկ բեկորը տակաւին իր պապենական հողերու մէկ տասանորդին վրայ կը գոյատեւէ իբրեւ անկախ Հայաստան, ունինք ժառանգաբար դիմագրաւելիք բազմաթիւ հարցեր, որոնք կարելի կ’ըլլան մեղմացնել զանազան կերպերով, որոնց համար աշխատանքներ (ժողովներ, հանդիպումներ, որոշումներ ) կը տարուին:
Հայրենի ժողովուրդին ապրած իրավիճակը եւ աւագանիները՝ ոչ մէկուն համար գաղտնիք չեն. հայրենաթողները կենդանի փաստն են այս ողբերգութեան, իսկ անոնք որոնք հոն հազիւ թէ կ’ապրին աշխատավարձով՝ ահաւասիկ նոր օրինագիծ մը. «հազար դրամի նախագիծ» անունով:
Թէ ի՞նչ պատահեցաւ.-
Ընդդիմադիր պատգամաւորները կը պնդէին, որ նուիրատուութիւնը պէտք է հարկադրուած չըլլայ, ոմանք ալ կ’ըսէին, որ իւրաքանչիւր աշխատող քաղաքացիէ ամսական 1000 դրամ գանձելու փոխարէն՝ հարկաւոր է ստիպել ապօրինի միջոցներով հարստացած հրամանատարներն ու պաշտօնեաները՝ վերադարձնելու պետութենէն գողցուածը: Այնուհանդերձ, նոյնիսկ այս խնդիրները բարձրաձայնող պատգամաւորներուն մեծ մասը յայտարարեց, որ կողմ պիտի քուէարկէ նախագիծին:
Եւ…ՆՈՅՆԻՍԿ ԱՅՍ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ԲԱՐՁՐԱՁԱՅՆՈՂ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՄԵԾ ՄԱՍԸ…
«Ո՜վ մարդկային» յարմարութիւն…
Դիւրին է երեւակայել անոնց վիճակը՝ որոնցմէ պիտի գանձուի:
Մեզմէ ալ, հոս, Լիբանանի մէջ, «յաւելեալ արժէքի տուրք» կը գանձէ պետութիւնը, երկրի մը մէջ, որու հիմը ԴԱՍԱԿԱՐԳԱՅԻՆ Է, սխալ չհասկցուելու համար՝ յարանուանական տեսակի…:
Գիրքէ մը կարդացած եմ. «կեանքի իմաստութիւնը՝ փոխել ինչ որ կարելի է, համակերպիլ անկարելիին»:
Գրած եմ առիթով մը.-
«Թող որ հիմա երգեն եւ կամ լռեն յաւէտ
Առաւօտը ծամող եւ օրերը խարդախ,
Նոյնն է արարը հին, դերասանն է տարբեր:
Ի՜նչ օգուտ…
Հովահար՝ այրած սրտի…բայց եւ…հովահար»:






