Երեքշաբթի, 16. 09. 2025

spot_img

ՖՈՆԵԹՈՆ – 2016. 1.34 Միլիոն Եւրոյի Նուիրատուութեան Խոստում

Ի նպաստ Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի աղէտեալ բնակչութիւններուն, Ֆրանսայի «Հայաստան» հիմնադրամի կազմակերպած Ֆոնեթոն-2016-ը վերջ գտաւ Նոյեմբեր 20-ին:

Փարիզի, Լիոնի, Թուլուզի եւ Մարսիլիոյ հեռաձայնային կեդրոններէն՝ շուրջ 700 կամաւորներ չորս օրերու ընթացքին հեռաձայնած են 46.000 ընտանիքներու եւ ընկերութիւններու: Շնորհիւ այդ հեռաձայնային կոչերուն կարելի եղած է չորս երկիրներէ՝ Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն եւ Զուիցերիայէն ձեռք ձգել շուրջ 1,34 միլիոնի նուիրատուութեան խոստում, ինչ որ անցեալ տարուան հանգանակութիւնը կը գերազանցէ 1%-ով:

Ֆրանսայի «Հայաստան» հիմնադրամը, որ կը հաղորդէ այս տեղեկութիւնները կը նշէ նաեւ որ 1700 նոր անուններ աւելցած են նախորդ տարիներու նուիրատուներու ցանկին վրայ, նուիրատու ընտանիքներու եւ ընկերութիւններու ընդհանուր թիւը հասցնելով 10.200-ի:

Հանգանակուած գումարները պիտի գործածուին գլխաւորաբար երեք ուղղութիւններով՝ Հայաստանի Տաւուշի սահմանամերձ շրջանի գիւղերուն, Արցախի Ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմէն տուժած շրջաններուն եւ Հալէպի ու Մուսուլի հայ բնակչութիւններուն:

Ֆոնեթոնի չորսօրեայ այս արշաւը աւարտած է, բայց դեռ կարելի է նուէրներ ընել այցելելով www.fondsarmenien.org
հասցէն, կամ մինչեւ 15 Յունուար, 2017, հեռաձայնելով ՝ 0810 24 24 24 թիւին։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին