Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Իրակա՞ն Թէ Փաստաթղթային Անկախութիւն

Անկախութեան զգացողութիւնը գեղեցիկ  զգացողութիւն է, եւ այս օրուան առիթով պէտք է անպայման շնորհաւորել բոլոր լիբանանցիները, սակայն քաղաքացիական մեր փորձը բոլորիս սորվեցուցած պէտք է ըլլայ այլեւս Անկախութեան իմաստն ու արժէքը աւելի եւս հասկնալու:

Մենք պէտք է հասկցած ըլլանք, որ Անկախութիւնը թուական մը չէ:  Պատմութեան մէջ հռչակագրային փաստաթուղթ մը հրապարակելով  չէ, որ անկախ պետութիւն մը կը կերտուի: Անկախութիւնը աւելի խորք ունեցող հարց է:

Լիբանանի քաղաքական վերջին օրերու իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ այս երկրին մէջ լաւատեսութիւնն ու քաղաքական, այսպէս կոչուած համախոհութիւնը,  ինչպէս նաեւ Լիբանանի պատմութիւնը կը փաստէ, չեն կրնար երկարատեւ ըլլալ:

Փաստը այն է, որ Լիբանանի անկախութեան 73 ամեակի սեմին նոր կառավարութեան մը կազմութեան հոլովոյթը կը մնայ արգելակուած՝ մինչդեռ բոլորին յոյսերն ու ճիգերը ուղղուած էին, նախքան անկախութեան տօնը, կառավարութեան նոր կազմի յայտարարութեան:

Յուսալով, կառավարութեան կազմութիւնը այսօր իսկ կը կատարուի մեզի կը մնայ հաստատել թէ, մինչեւ լիբանանցին անապահովութեան զգացումէ ու ապագայի հանդէպ վախէ ձերբազատուած չըլլայ. Մինչեւ լիբանանը կառավարող վերնախաւը ինքզինք  կեղծիքէ, աթոռամոլութենէ, դրամամոլութենէ, փտածութենէ ազատ կամ արտաքին ազդեցութիւններէ անկախ չզգայ՝ 73 տարիներ առաջ, Նոյեմբեր 22-ին, ստորագրուած անկախութեան հռչակագիրը  (ինչպէս վերի պատմական դրօշակը) կը մնայ պարզապէս գեղեցիկ փաստաթուղթ մը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին