Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, Նոյեմբեր 19-ին, այցելած է Մարտունի քաղաք եւ տեղի մշակոյթի տան մէջ մասնակցած է շրջանի բազմազաւակ աւելի քան 30 ընտանիքներու համար կազմակերպուած բարեգործական ձեռնարկին:
Ըստ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինին, ռուսաստանաբնակ բարերար Համլէտ Վաչենանցի նախաձեռնութեամբ` Մարտունիի շրջանի բազմազաւակ ու կարիքաւոր աւելի քան 30 ընտանիքներու, իբրեւ աջակցութիւն, ըստ առաջնահերթութեան, տրամադրուած է հագուստ, կահոյք, եւ այլ անհրաժեշտ կենցաղային ապրանքներ: Ծրագիրին մասնակցած են նաեւ բարերարներ՝ Օնիկ Էւրիկեան, Սեմիոն Տաւիտով եւ Գագիկ Այվազեան: Անոնք ժամանած են Արցախ` մէկ յարկի տակ բնակող այդ ընտանիքներուն հետ ծանօթանալու եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու համար:
Ողջունելով բարերարները` Արցախի կառավարութեան ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց կարեւոր նախաձեռնութեան համար եւ նշած, որ ընկերային խնդիրները յաղթահարելու ընթացքին նման աջակցութիւնները մեծ նշանակութիւն ունին, ինչպէս բնակչութեան, այնպէս ալ կառավարութեան համար: «Ժողովրդագրական աճի ապահովումը կառավարութեան ռազմավարական առաջնահերթութիւններից է: Այդ ճանապարհին բազմազաւակ եւ կարիքաւոր ընտանիքների համար մենք իրագործում ենք բազմաթիւ պետական ծրագրեր, սակայն յատկապէս բազմազաւակ ընտանիքներում սոցիալական խնդիրների լուծման համար միայն պետական միջոցները բաւարար չեն: Ուստի, շատ ուրախալի է, երբ պետութեան հետ միասին այդ ընտանիքների կողքին կանգնում են նաեւ հայրենիքից դուրս ապրող մեր հայրենակիցները»,- ըսած է վարչապետը եւ յոյս յայտնած, որ օրինակը վարակիչ կ’ըլլայ ուրիշներու համար: Իր ելոյթին մէջ Ա. Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ ձեռնարկին ներկայ եղող ռուսաստանաբնակ բարերար Կարէն Ղազարեանին` պետական կարեւորագոյն շարք մը ծրագիրներուն զգալի աջակցութիւն ցուցաբերելուն եւ հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար եւ պարգեւատրած է զայն վարչապետի յուշամետալով:
Բարերարներուն իր երախտիքի խօսքը ըսած է նաեւ Մարտունիի շրջանի վարչակազﬕ ղեկավար Կարէն Թովմասեան եւ շրջանի վարչակազﬕ անունով, անոնց յանձնած՝ շնորհակալագիրներ: Իրենց հերթին բարերարները շնորհակալութիւն յայտնած են ջերմ ընդունելութեան եւ գնահատանքին համար եւ նշած, որ իրենց կողմէ Արցախին աջակցութեան ծրագիրները շարունակական պիտի ըլլան:






