Ուրբաթ, 27. 06. 2025

spot_img

Հայկական Ազգային Կոխ Ըմբշամարտի Աւանդոյթները Պիտի Տարածուին ՀՀ-ի, Ջաւախքի, Արցախի Եւ Սփիւռքի ՄԷջ

Տեղի ունեցած Կառավարութեան հերթական նիստին, որ կը վարէր ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան, գործադիրի հաւանութեան արժանացած է հայկական ազգային կոխ ըմբշամարտ մարզաձեւի զարգացման հայեցակարգը, որուն հիմնական նպատակը հայկական ազգային կոխ ըմբշամարտի զարգացման եւ արդիականացման համար հեռանկարային երկարաժամկէտ եւ ընթացիկ փոխկապակցուած ծրագիրներու մշակման ռազմավարութեան սահմանումն է:

Ըստ «Հայերն այսօր»-ի` հիմնական ուղղութիւններն են` ՀՀ-ի, Ջաւախքի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ հայկական ազգային կոխ ըմբշամարտի աւանդոյթներուն տարածումը եւ զարգացումը, մարզաձեւին համապատասխանեցումը նոր տնտեսական յարաբերութիւններուն եւ ժամանակակից պահանջներուն:

ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարին որոշումով՝ յանձնարարուած է կառավարութեան ներկայացնել հայեցակարգին կատարումը ապահովող ձեռնարկներու ծրագիր:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին