Նոյեմբեր 22 լոյս 23-ին Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին՝ հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է աւելի քան 30 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 530 կրակոց։
ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը պահպանած են հրադադարը եւ շարունակած վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:






