Ուրբաթ, 27. 06. 2025

spot_img

Պայմանագրային Զինծառայող Մը Զոհուած է

Տաւուշի մէջ պայմանագրային զինծառայող մը մահացած է, կը յայտնէ ՀՀ քննչական կոմիտէն (ՔԿ):

Ըստ ՀՀ ՔԿ հաղորդագրութեան` Նոյեմբեր 17-ին` ժամը 21:50-ի մօտ, ՀՀ պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի 1-ին հրաձգային գումարտակի հսկիչ, անցագրային կէտի շինութեան մէջ, յայտնաբերուած է 17 Նոյեմբեր  2016-էն մինչեւ 18 Նոյեմբեր գումարտակի արագ արձագանգման խումբին մէջ ծառայութեան ընդգրկուած նոյն գումարտակի գնդացրորդ, պայմանագրային զինծառայող Իւան Դաւիթի Հայրապետեանի դիակը` բերանի աջ ստորին եւ գլուխի ձախ գագաթային հատուածներուն մէջ միջանցիկ հրազէնային վնասուածքներով:

ՀՀ ՔԿ ԶՔԳՎ վեցերորդ կայազօրային քննչական բաժինին մէջ քրէական գործ յարուցուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 110-րդ յօդուածի 1-ին մասի յատկանիշներով, կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ քննչական գործողութիւններ` դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին