Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

«Անազատութեան Պայմաններու Մէջ Աւելի Հեշտ Էր Աշխատիլ…» Աստղիկ Գէորգեան – Հարցազրոյց Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան Նախագահ Աստղիկ Գէորգեանի Հետ

Զրոյցը վարեց՝  ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ

Գրող եւ լրագրող Աստղիկ Գէորգեան ծնած է 1932 Հոկտեմբեր 24-ին, Երեւան: 1951-ին աւարտած է Երեւանի թիւ 28 միջնակարգ դպրոցը: 1951-56-ին ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի լրագրութեան բաժինին մէջ: 1953-56 աշխատած է Սպանդարեանի անուան դպրոցին մէջ` իբրեւ աւագ ջոկատավար: 1956-70 աշխատած է «Սովետական Հայաստան» թերթին իբրեւ գրական աշխատող: Նիւթեր տպագրած է «Հայրենիքի ձայն», «Ավանգարդ», «Գրական թերթ», «Երեկոյան Երեւան», «Իրաւունք» եւ այլ թերթերու մէջ: 1970-77 եղած է ՀԽՍՀ  Լրագրողներու միութեան պատասխանատու քարտուղարի տեղակալը, 1977-92 քարտուղարը: 1992էն Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահն է, 2008-էն ՀՀ Հանրային խորհուրդի անդամ: 1991-էն Լրագրողներու միութիւններու միջազգային խորհուրդի անդամ, 1995 –էն անդամ է Երեւանի մամուլի ակումբի խորհուրդի եւ վարչութեան: 2012-ին պարգեւատրուած է Երեւանի քաղաքապետարանի ոսկեայ մետալով:

PSX_20161115_154206

Տիկին Աստղիկ,  ես գիտեմ, որ դուք 1992-էն Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահն էք, կը պատմէ՞ք, թէ երբ  հիմնադրուածէ միութիւնը եւ ի՞նչ նպատակով:

Հայաստանի լրագրողներու միութիւնը հիմնադրուած է 1959 թուականին, երբ հիմնադիր համագումարը հաստատեց ծրագիրը, կանոնադրութիւնը, ընտրեց վարչութեան կազմը: Այսօր արդէն անցածեն 50-է աւելի տարիներ։ Այդ տարիներուն ձեւաւորուեցաւ եւ ամրապնդուեցաւ մեր միութիւնը: Աստիճանաբար սկսաւ դիմումներու հոսքը, որովհետեւ բոլոր լրատուամիջոցները կը մտածէին, որ ասիկա իրենց միութիւնն է եւ ԶԼՄ-ներումէջ աշխատող  լրագրողները ներկայացուցին իրենց դիմումները: Այսպէս, շատ արագ, միութեան անդամներուն բանակը աճեցաւեւ տարիներու ընթացքին, կրնամըսել, որ անդամներուն թիւը հասաւ 1500-ի: Այն ժամանակ մեր միութիւնը Հայաստանի ամենամեծ միութիւնն էր՝ ստեղծագործական միութիւններու շարքին եւ այդ մէկը կը բացատրուէր մեր միութեան առանձնայատկութիւններով: Խորհրդային տարիներուն միութիւնը ունէր ուրիշ գործառոյթ` այսինքն նպաստել լրագրողներու մասնագիտական վարպետութեան բարձրացման, օգնել երիտասարդ լրագրողներուն` անոնց համար կազմակերպել ուսումնական ծրագիրներ, նաեւ հետամուտ ըլլալ Զանգուածային լրատուամիջոցներու աշխատանքին, հետեւիլ` լրատուամիջոցի եւ ընթերցողի միջեւ կապին: Լաւագոյն լրագրողներուն կը տրուէին մրցանակներ: Այն ժամանակ մենք հիմնեցինք «Ոսկեայ գրիչ»մրցանակը, որ կը տրուէր երեք տարուան ընթացքին պատրաստուած հրապարակախօսական փայլուն յօդուածներու կամ հեռուստաշարքերու համար: Մրցանակակիրներու շարքին եղան մարդիկ, որոնց ծանօթ էր ամբողջ ընթերցասէր հասարակութիւնը, որովհետեւ, անոնք կը գրէին այնպիսի յօդուածներ, որոնք կ՝անդրադառնային ոչ միայն մասնաւոր փաստին, այլ՝ հրապարակային կու տային խնդիրին, հիմնահարցին: Ես հպարտութեամբ կրնամ ըսել, որ  «Ոսկեայ գրիչ» մրցանակի դափնեկիրներուն շարքը կը կազմէին մեր հայ մամուլի գրադարանի լաւագոյն էջերը լրացնող լրագրողները` Վարդգէս Պետրոսեան, Վիկտոր Պալեան, Մարկօ Ղուկասեան: Մարկօ Ղուկասեանի յօդուածները մասնաւորապէս նուիրուած էին բնապահպանական խնդիրներուն: Այն ժամանակ խիզախութիւն էր բացայայտ գրել օրինակ Ալավերտիի մէջ քիմիական նիւթերու բասացական հետեւանքներուն մասին, բայց անորյօդուածներուն մէջ այդ խնդիրներուն ամբողջ վիճակագրական «Խելօք» վերլուծութիւնը կար: Այսինքն, այն ժամանակ գոյութիւն ունէր նեղ մասնագիտական բաժիններ` լրագրողները կը մասնագիտանային որեւէ ոլորտի մէջ, բայց ցաւօք ատիկա վերացաւ եւ հիմա լրագրողները կը գրեն ամէն ինչի մասին: Այսինքն այժմեան լրագրութեան մէջ չկայ նեղ մասնագիտացում:

largroghner-8-4

Ձեր կարծիքով Հայաստանի մէջ կա՞յ ազատ լրագրութիւն: Ի՞ Նչ կ՝ըսէք խօսքի ազատութեան մասին:

Խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք, բաւական դժուարացաւ մեր միութեան գործը, որովհետեւ մենք մոլորուած էինք, թէ ինչ պիտի ընենք. յայտնուեցան նոր լրատուամիջոցներ, ով ինչ կ՝ուզէր՝ կը գրէր: Այսպէս կոչուած Խօսքի ազատութիւնը ներխուժեց մեր բնագաւառ ու շատերը սխալ հասկցան այդ ազատութիւնը: Ճիշդ է, ուրախալի էր, որ կրպակներումէջ սովորական, դասական դարձած թերթերու կողքին աւելցան նոր անուններ` «Երկիր», «Ազգ», «Հայք», ուր մենք կը կարդայինք այն բաները, որոնքվարժ չէինք կարդալու,եւ ատիկա պատճառ եղաւ, որ ապակողմնորոշուինք: Այդ նորայայտ թերթերու խմբագրիները մեզ հասկցուցին, որ իրենց խմբագրութեան գործն է՝թէ ինչ կը տպագրեն,եւ բոլորովին ալ պարտադիր չէ, որ միութիւնը կազմակերպէ քննարկումներ: Այսինքն, այլեւս պիտի չընէինք այն, որ կ՝ընէինք խորհրդային տարիներուն. կը կազմակերպէինք թռուցկաժողովներ, հանդիպումներ ընթերցողներու հետ: Այսինքն, եկաւ այն ձեւակերպումը, որ անազատութեան պայմաններումէջ աւելի հեշտ էր աշխատիլ, քան՝ ազատութեան պայմաններումէջ, որովհետեւ ազատութեան գինը շատ շատերը չիմացան` ազատութիւնը օգտագործեցին իրենց գրպանի համար, ձեւաւորուեցաւ պատուէրով լրագրութիւնը, որ երբեք չէ եղած Խորհրդային իշխանութեան ժամանակ: Այն ժամանակ մենք կը գիտակցէինք, որ ընթերցողին, նաեւ երկրին,մենք իրաւունք չունէինք սխալ տեղեկատուութիւն տալու:

Ի՞նչ գործունէութեամբ  զբաղած է միութիւնը անկախութեան առաջին տարիներէն ի վեր:

Լրագրողներու միութիւնը, անկախութեան առաջին տարիներէն, շատ աշխոյժ  եղած է մասնագիտական գործունէութեան, օրէնքներու հեղինակման, մշակման, առաջարկներ ներկայացնելու, յղկման, քննարկման հարցերու մէջ: Աշխատած ենք ԶԼՄ-ներու մասին օրէնքին վրայ, որ կը գործէ մինչ օրս եւ որեւէ դիտողութիւն չկայ: Օրէնքը անցուցած ենք շատ դժուարութեամբ, որովհետեւ այնտեղ կան թեզեր, դրոյթներ, որոնք միտում ունին լրագրողը պաշտպանելու։ Օրինակ, պետական գաղտնիքի պահպանման դրույթը, սկզբնաղբիւրը չբացայայտելու դրոյթը, որ շատ դժուարութեամբ կրցանք պահել. լրագրողը իրաւունք ունի սկզբնաղբիւրը բացայայտելու միայն դատարանի մէջ, ան ալ փակ նիստերու ժամանակ: Աշխատած ենք նաեւ տեղեկատուութեան ազատութեան օրէնքին վրայ, կազամակերպած ենք խօսքի ազատութեան վերաբերեալ զանազան քննարկումներ: Այն ժամանակ, միջազգային կազմակրեպութիւնները աւելի սիրայօժար էին մեր միութեան նկատմաբ եւ մեզ դրամաշնորհ կը տրամադրէին, եւ իբրեւ արդիւնք մենք անցուցինք տնօրինութիւն ղեկավարում անկախ լրատուամիջոցներումէջ ծրագիրը, որովհետեւ,յայտնուելով ազատութեան պայմաններումէջ, մեր նորայայտ լրատուամիջոցները չէին պատկերացներ գումարը ուրկէ  հայթայթել, որովհետեւ մամուլի շուկան կը ձեւաւորուի, երբ կայ գովազդային շուկայ, գովազդային շուկան ալ կը ձեւաւորուի, երբ կ՝աշխատի տնտեսութիւնը: Եթէ թերթը գովազդ չի տպագրեր, չի կրնար դրամական հոսքեր ունենալ  եւ այդ հոսքերը դնել տպագրութեան, թուղթի  եւ այլ ծախսերու համար: Եւ  քանի որ գովազդային շուկան ձեւաւորուած չէր, մենք ունեցանք այն՝ ինչ ունինք, այսինքն՝ մամուլը կախման մէջ մնաց պետութենէն, քաղաքական կուսակցութիւններէն, «օլիկարխներէն», մասնաւոր անհատներէն: Ձեւաւորուեցաւ պատուէրի տարբերակը, որ շատ անընդունելի է. ընթերցողը կը կորսնցնէ հաւատքը լրատուամիջոցի  նկատմամբ , լրագրողը կը կորսնցնէ ընթերցողը: Ես չեմ վախնարըսելու, որ Խորհրդային իշխանութեան ժամանակ, ընթերցանութիւնը կը սկսէին ստորագրութենէն, որովհետեւ, եթէ հեղինակը Վարդգէս Պետրոսեանն էր կամ Մարկօ Ղուկասեանը, ուրեմն պէտք էր կարդալ այդ յօդուածը, այսինքն անուններ, որոնք չէին խաբեր, կը զգային մեր մասնագիտութեան արժանապատուութիւնը եւ բարոյականութիւնը:

Խօսելով բարոյականութենէն, ես կ՝ուզեմ անմիջապէս զայն կապել բարոյագիտութեան վարքականոնին հետ: Բարոյագիտութեան վարքականոնը մեր մասնագիտութեան վարքականոնն է, որովհետև բարոյագիտական ներքին ինքնակառավարման մեքենականութիւններ ունենալով՝ լրագրողը կը հասկնայ, որ յօդուած գրելու ժամանակ պէտք է օգտուի լրագրութեան զինանոցէն, հարստութենէն, չունենալով այդ զինանոցը կրողի պատասխանատուութիւնը՝ լրագրողը պէտք չէ սկսի անձնական վիրաւորանքներ հասցնել, որ մասնագիտացումի, փաստերու պակաս է, բայց դժբախտաբար, հիմա շատ քիչերն են, որ ուշադրութիւն կը դարձնեն անոր:

Կազմակերպած ենք սեմինարներ տնտեսական, իրաւական, լրագրողական հետքննութեան, ԶԼՄ-ներու  ինքնակառավարման եւ ընտրութիւնները լուսաբանելու թեմաներով: Կը հաւատացնեմ, որ այս սեմինարները անչափ օգնեցին լրագրողներուն եւ լրատուամիջոցներուն: Բայց նման սեմինարներ կազմակերպելու համար, այժմ նիւթական միջոցներ պէտք են, որովհետեւ այն ժամանակ մենք կը հրաւիրէինք փայլուն խբագիրներ, իսկ անոնց դիմաւորելու եւ ընդունելու համար միջոցներ  պէտք են:

Astchik

Ձեր կարծիքով համացանցային կայքերու համատարած աճին զուգահեռ հնարաւո՞ր է օր մը տպագիր մամուլը վերանայ:

Չի կրնար վերանալ, որովհետեւ,  այն ինչ կ՝ընեն այժմեան կայքերը՝կ՝աղաւաղէ լրագրողական բոլոր սկզբունքները, որովհետեւ, եթէ այսօր ոեւէ մէկը ցանկանայ ուսումնասիրել լրագրութեան պատմութիւն, ուստի համացանցային մամուլը ոչինչ կ՝ըսէ, բայց տպագիր մամուլը՝կ՝ըսէ: Ես ամէն օր կը կարդամ «Ազգ» օրաթերթը, որովհետեւ թերթին մէջ ես կը կարդամ մեր երախտաւորներու, մշակոյթի, լուրջ խնդիրներու մասին: Օրինակ` հասարակ բան մը, երբ Էջմիածինի նորընտիր աւագանին որոշած էր Ատմիրալ Իսակովի անուան փողոցը  վերանուանել «ռապիս» երգիչ Արամ Ասատրեանի անունով՝ լրագրող Յովիկ Աֆեանը այդ թեմայով այնպիսի փայլուն յօդուած գրեց թերթին մէջ, որ կայքը չի կրնար ընել:

TH_Astghik-Gevorgyan

Այս զարգացող աշխարհին մէջ, պէտք է կարենանք ժամանակին համընթաց երթալեւ ատիկա պէտք է ընէ որակեալ մամուլը: Ես ինքս լաւատես մարդ եմ եւ յոյս ունիմ, եթէ մեր երկիրը լաւանայ, մաքրուի ամէն ինչ, երեւի այս համացանցային բամբասանքային բաները կը վերանան եւ համացանցը կը ծառայէ իր նպատակին, այսիքն՝ կու տայ  ճշգրիտ, որակեալ տեղեկատուութիւն:

Զրոյցի աւարտին ունի՞ք աւելցնելու խօսք:

Կ՝ուզեմ ողջունել ոչ միայն «Զարթօնք» թերթի խմբագրակազմը, այլեւ՝ սփիւռքահայ մամուլի բոլոր ներկայացուցիչները, որովհետեւ, Սփիւռքի մէջ ալ կան մամուլը պահելու դժուարութիւններ, տարիքը երիտասարդ չի դառնար: Սխրանք է հիմա Սփիւռքի մէջ թերթ պահելը, որովհետեւ, ժամանակին հայկական գաղթօճախները աւելի մեծ էին, կայացած էին, նուիրատուութիւնները աւելի շատ էին: Հիմա քիչ մը դժուարացած է ` որքան հայրենիքի եւ Սփիւռքի կապը ամուր ըլլայ, մենք այնքան երկար կը գոյատեւենք, որովհետեւ, մեր հայապահպանութիւնը անմիջապէս կապ ունի մամուլի գոյութեան հետ: Անոր կրնանք հասնիլ տեղեկատուական մեծ դաշտ ստեղծելու պարագային:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին