ՀԲԸՄի 110 ամեակին առիթով տեղի ունեցող միջոցառումներուն ծիրին մէջ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի կազմակերպութեամբ` Ուրբաթ, 11 Նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Էվերեսթի գագաթը վերջերս բարձացած՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ական Արա Խաչատուրեանին հետ:
Արա Խաչատուրեան սկաուտական մկրտութիւնը ստացած է ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Ալեք Մանուկեանի շարքերուն մէջ, նախ իբրեւ գայլիկ, ապա՝ սկաուտ: 1983-ին հաստատուած է Մարսէյ, Ֆրանսա:
Հոծ բազմութիւն մը համախմբուած էր ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի 5-րդ յարկը: Հանդիպումին ներկայ էին ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենադպրուհի տիկին Սիլվա Լիպարիտեան եւ անդամներ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ անդամներ, միութենականներ, բարեկամներ:
ՀԲԸՄ-ի գրասենեակի գործադիր տնօրէնուհի Անիթա Լիպիար ներկայացուց Արա Խաչատուրեանը եւ հրաւիրեց օրուան հիւրը նկարագրելու աշխարհի ամենաբարձր լեռ Էվերեսթը (ծովու մակերեսէն 8848 մեթր) յաղթահարելու մանրամասնութիւնները:
Արա Խաչատուեան իր խօսքը տպաւորիչ դարձնելու նպատակով ցուցադրեց Էվերէսթը բարձրանալու մանրամասնութիւնները նկարագրող տեսաերիզ մը: Ան միաժամանակ կարեւոր եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեց լեռնագնացութեան ընթացքին պատահած դէպքերու մասին, ապա սպառիչ բացատրութիւններ տուաւ իրեն ուղղուած հարցումներուն: Բնութեան դժուարութիւնները յաղթահարելու կամքի այս իւրայատուկ դրսեւորումը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ներկաներուն եւ յատկապէս երիտասարդութեան մէջ:
Էվերէսթի բարձրունքը յաղթահարելու ծրագիրը յառաջացած է Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարին, ի յիշատակ մեր բիւրաւոր նահատակներուն: Սակայն Էվերէսթի շրջանը հարուածող երկրաշարժը եւ անոր յաջորդող փոթորիկը պատճառ դարձած էր, որ ակամայ հրաժարէր ծրագիրէն: Եւ ահա 2016-ին, ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 110 ամեակի տարին կ’իրագործէր ծրագիրը:
Երեկոյի աւարտին ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենադպրուհի տիկին Սիլվա Լիպարիտեան երախտիքի յուշանուէր մը յանձնեց Արա Խաչատուրեանին: Նոյն միջոցին, տիկին Մայտա Քիւրեճեան՝ ՀԵԸ-ի Վեթերան Սկաուտներու Համախմբումին անունով փողկապ մը փոխանցեց: Ապա տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը:
Շաբաթ, 12 Նոյեմբեր 2016-ին, Արա Խաչատուեան այցելեց ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի կեդրոնը: Զինք դիմաւորեցին ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի գործադիր մարմինի անդամներ: Վիգէն Չերչեան սկաուտներուն ներկայացուց Արա Խաչատուրեանը: Ֆրանսահայ ՀԵԸ-ականը ցուցադրեց Էվերէսթ լեռը բարձրանալու տեսաերիզը: Ապա ան ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու ընկերակցութեամբ՝ այցելեց ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնը: Արա Խաչատուրեանին դիմաւորեցին ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինի անդամները: ՀԵԸ ԱնդրանիկՍեւան սկաուտական շարժումի անդամ-անդամուհիները հետաքրքրութեամբ դիտեցին տեսաերիզը:
Հանդիպումի ընթացքին խօսք առաւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիրի ատենապետ Յակոբ Թելվիզեանը: Այցելութիւններուն առիթով ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումները յատուկ յուշանուէրներով պատուեցին Արա Խաչատուրեանը:
ՀԵԸ-ի սկաուտական տարազը իր սրտին մէջ կրող Արա Խաչատուրեան միութենական վառ յիշատակներով հրաժեշտ տուաւ Լիբանանին:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ