Հինգշաբթի, 19. 03. 2026

spot_img

ՀՀ Անվտանգութիւնը Խորհրդարանական Կառավարման Ձեւով Աւելի Յուսալիօրէն Ապահովուած Պիտի Ըլլայ. ՀՀ Նախագահ

Հայաստանի անվտանգութիւնը երկրի խորհրդարանական կառավարման ձեւով աւելի յուսալիօրէն ապահովուած պիտի ըլլայ: Այս մասին, «Սպուտնիկ Արմէնիա»–ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

2015 Դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ կայացաւ սահմանադրական հանրաքուէ։ Հաստատուած փոփոխութիւններուն համաձայն` հանրապետութեան մէջ կառավարման նախագահական  համակարգէն անցում կատարուեցաւ խորհրդարանականին:

«Կը կարծեմ, ամէն պարագայի կառավարման նման ձեւը պիտի յանգեցնէ այն փաստին, որ Հայաստանի անվտանգութիւնը աւելի յուսալի պիտի ապահովուի»,– ըսած է նախագահ Սարգսեան:

Անոր խօսքով` շատ երկիրներու մէջ կարծիք ձեւաւորուած էր, թէ Հայաստանի մէջ կը գործէր կառավարման նախագահական համակարգ, իսկ հիմա անցում կը կատարուի խորհրդարանականի: «Ատիկա այդպէս չէ: Մենք ունէինք կիսանախագահական կառավարման ձեւ, եւ ինչպէս բոլոր կիսաձեւերը, անիկա ունի իր թերութիւնները: Միայն այն բանի շնորհիւ, որ գործող նախագահը խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ունի, հնարաւոր կը դառնայ երկրի կայուն կառավարումը: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ կիսանախագահական համակարգի մէջ կառավարութիւնը կը ձեւաւորէ խորհրդարանը:

Եւ եթէ պատկերացնենք, որ նախագահը կրնայ ներկայացնել քաղաքական ուժ մը, իսկ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը` այլ, ուստի հասկնալի է, որ կառավարութեան եւ նախագահի միջեւ պիտի ըլլան վատ յարաբերութիւններ»,– պարզաբանած է ան:

Նախագահ Սարգսեան նաեւ յիշեցուցած է, որ նախագահը նաեւ գերագոյն գլխաւոր հրամանատարն է եւ կը կրէ երկրի անվտանգութեան եւ ամբողջականութեան համար պատասխանատուութիւնը: «Եւ բոլորիս ալ հասկնալի է, որ գերագոյն գլխաւոր հրամանատարի գործառոյթը այն չէ, որ քարտէզի վրայ սլաքներ նշէ, թէ որ ուղղութեամբ պէտք է շարժին զօրքերը: Անոր խնդիրն է ապահովել պետութեան ամբողջ միջոցը ռազմաքաղաքական խնդիրներու լուծման համար: Իսկ ինչպէ՞ս ան կրնայ ընել այդ մէկը, եթէ իրաւունք չունենայ պիւտճէական միջոցներուն մէկ մասը ծախսել այդ նպատակով: Ասիկա մէկ: Եւ երկրորդը` ինծի կը թուի, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ աւելի ճիշդ է, որ իրաւունքը ըլլայ այնտեղ, ուր պատասխանատուութիւնն է»,– ըսած է ան:

ՀՀ նախագահը կը կարծէ, որ խորհրդարանական վերահսկողութիւնը շատ արդիւնաւէտ կառավարման ձեւ է համակարգերու եւ կառոյցներու համար, որոնք ունին իրաւունքներ եւ պատասխանատուութիւն ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին