Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Քուէյթի Ազգային Վարժարանը Գրենական Պիտոյքներ Պիտի Նուիրէ Հայաստանի Ու Արցախի Սահմանամերձ Գիւղերու Աշակերտներուն

Արձագանգելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական կոչին` «Դուն  ի՞նչ  կ’ընես Ղարաբաղի համար»` Քուէյթի Ազգային վարժարանը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած համահայկական շարժումին:

Քուէյթի ազգային վարժարանը, զօրավիգ կանգնելով Արցախ բնակող քոյրերուն եւ եղբայրներուն, 2017 թուականին պիտի կազմակերպէ ձեռնարկներ, մրցոյթներ եւ նիւթական օժանդակութեան նախաձեռնութիւններ:

Ինչպէս «Հայերն  այսօր»-ին կը յայտնեն Քուէյթի ազգային վարժարանի տնօրինութենէն, առաջին ձեռնարկը պիտի ըլլայ նիւթական օժանդակութիւն` կազմակերպութեամբ վարժարանի աշակերտական խորհուրդին:

Քուէյթահայ համայնքի հայ ընտանիքները իրենց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութեամբ պիտի մասնակցին այս նախաձեռնութեան եւ գրենական ու կենցաղային պիտոյքներ պիտի նուիրեն Հայաստանի եւ Արցախի սահմանամերձ գիւղերու աշակերտներուն:

Դու Հայոց ոստան, իմ բարի Արցախ,
Դու իմ մայր օրրան, անառիկ Արցախ
Քեզ համար միշտ կանք, հաւատայ դու մեզ
Մենակ չես մնայ, քեզ հետ ենք յաւերժ`
Հաւատայ դու մեզ, հաւատայ…:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին